
ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անցնող շաբաթավերջին հանդիպեցաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:
Ըստ «Ակօս»ի՝ Էրտողան Սահակ եպս. Մաշալեանէն տեղեկութիւններ խնդրեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացին մասին, որուն իբրեւ պատասխան՝ Մաշալեան յայտնեց, որ կը սպասուի կառավարութեան կողմէ հրապարակուելիք ընտրական կանոնակարգին:
Նախագահը ապա հանդիպման ներկայ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուէն այդ հարցով տեղեկութիւն պահանջեց: Նախարարը շեշտեց, որ մէկ շաբաթուան մէջ կառավարութիւնը կը հրապարակէ կանոնակարգը:
Նշենք, որ 8 Մարտին, Պոլսոյ Հայոց 84րդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան վախճանեցաւ, որմէ ետք պատրիարքական տեղապահ ընտրուեցաւ Սահակ եպս. Մաշալեան: Աւելի ուշ նաեւ կազմուեցաւ ընտրութիւնները կազմակերպող եւ համակարգող մարմին մը, որ դիմեց կառավարութեան: