
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» հիմնադրամի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ գոհունակութեամբ կը յայտնէ, թէ քննելէ ետք 2019-2020 տարեշրջանին համար կրթանպաստի դիմումնագիրները, Արմէն Տէմիրճեան (UC Berkeley) եւ Արենի Չորպաճեան (UC Berkeley) կրթանպաստի կ՛արժանանան։
Անոնք կը հետեւին գիտական մասնագիտութեանց, ձեռք բերած են փայլուն արդիւնքներ եւ համայնքին մէջ ունին գործօն դերակատարութիւն։
Յանձնախումբի անդամներն են՝ կրթանպաստի բարերարուհին՝ Թամարա Պարսամեան, դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Շաքէ Պօղարեան։
«Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն իրենց ուսումնական ասպարէզին մէջ», կը նշուի առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։