
ՊԱՔՈՒԻ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒՈՂ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը վաւերացուց Հայաստանի ժողովրդավարացման ջանքերուն յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու առաջարկը, որ առաջադրուած էր յանձնախումբի ատենապետ Լինզի Կրեհեմի եւ Քրիս Վան Հէօլընի կողմէ։
Միաձայնութեամբ վաւերացուած առաջարկը մաս դարձաւ 2020ի պետական ամավարկի վերջնական առաջարկին։
Ըստ առաջարկին՝ 20.1 միլիոն տոլար արժող յաւելեալ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հայաստանին։
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը Յունիսին վաւերացուցած էր նոյն նպատակին համար քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի 40 միլիոն տոլարի յաւելեալ աջակցութեան առաջարկը եւ այժմ պէտք է Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան տարբերակները համադրել։
Միւս կողմէ, Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ֆրանք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Էտըմ Շիֆ Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն պահանջեցին անմիջապէս դադրեցնել Ատրպէյճանի յատկացուող զինուորական օժանդակութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ անոնք այս կոչը կատարած են 27 Սեպտեմբեր թուակիր եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին ու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրին հասցէագրուած նամակներուն մէջ, մատնանշելով Փենթակոնի կողմէ Պաքուին յատկացուող միջոցներու յաւելումը։ Անոնք կոչ ուղղեցին՝ վերատեսութեան ենթարկելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին կատարուած յատկացումները։