ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 7 Հոկտեմբերին հիւրընկալեց Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Ճեքի Քանչելեան-Սփիրը եւ Ճուտի Չուն։
Կարեւոր նկատելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող Քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն շարունակական աջակցութիւնը՝ Դաւիթ Տօնոյեան հիւրերուն ներկայացուց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ընթացքը եւ հեռանկարները՝ յոյս յայտնելով, որ քոնկրեսականներուն ջանքերը յետագային եւս ի սպաս կը դրուին այս ուղղութեամբ համագործակցութեան աւելի խորացման:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: