Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կոչ կ՛ընէ մեր համայնքի բոլոր անդամներուն եւ կազմակերպութիւններուն՝ միանալու միութեան ճիգերուն՝ օժանդակելու համար 10 Հոկտեմբերին, Սիլմար քաղաքին մէջ ծագած Սետլըրիճի հրդեհէն վնասուած անձերուն կամ ընտանիքներուն:
Ըստ լրատուական աղբիւրներու՝ ցարդ այրած է շուրջ 1900 հեկտար տարածք: Հրդեհին պատճառով հրկիզուած են բազմաթիւ բնակարաններ, իսկ մեծ թիւով քաղաքացիներ ստիպուած եղած են հեռանալու իրենց բնակավայրերէն, յատկապէս Սան Ֆերնանտօ հովիտի Փորթըր Ռենչ, Կրանատա Հիլզ, Սիլմար եւ այլ թաղամասերէ:
«Մեր մտածումները եւ աղօթքները կ՛երթան տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներուն եւ ընտանիքներուն, որոնք Սետլըրիճի հրդեհին պատճառով վնասներ կրեցին եւ բնակարաններէն հեռացան: ՀՕՄը պատրաստ է իր առաւելագոյնը ընելու՝ օգնելու համար բոլոր այն քաղաքացիներուն կամ ընտանիքներուն, որոնք օժանդակութեան կարիքը ունին: Իսկ օգնութեան անմիջական կարիք ունեցող քաղաքացիներէն կը խնդրուի կապուիլ ՀՕՄի շրջանային գրասենակին հետ», յայտնեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան:
Այս նպատակին համար, գնահատելի են որեւէ չափի նուիրատուութիւներ կամ օժանդակութիւններ: Կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել ՀՕՄին եւ զանոնք ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ ARS Regional Headquarters, 417 West Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202։
ՀՕՄի Շրջանային կեդրոնին հետ կրնաք կապ հաստատել՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ գրելով office@arswetsusa.org ե-նամակի հասցէին:
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեանց գրասենեակի պատասխանատու Թալար Այնթապլեանի հեռաձայնի թիւն է՝ (818) 472-6251: