ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կոտայքի մարզի Նոր Գեղի համայնքին մէջ Հոկտեմբեր 20ին տեղի ունեցաւ առաջին «Խնձորի փառատօնը»: Տօնին առիթով համայնքի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրուած է խորհրդանշական խնձորի պրոնզաձոյլ արձանը: Արարողութեանը ներկայ եղած են Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, համայնքներու ղեկավարներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, այլ հիւրեր:
Նոր Գեղի համայնքի ղեկավար Վարդան Պապեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց փառատօնը՝ որպէս տնտեսական աշխուժութեան, զբօսաշրջային աճին եւ նոր ներդրումներու խթանման նպաստող իրադարձութիւն:
Փառատօնին ներկայացուած էին խնձորի տարբեր տեսակներ, խնձորէ պատրաստուած բազմաթիւ ուտելիքներ, խմիչքներ եւ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ պատրաստուած եւ ներկաներուն հիւրասիրուած է քանի մը մեթր երկարութեամբ խնձորի կարկանդակը:
Փառատօնի նպատակն էր ներկայացնել Նոր Գեղի համայնքի տնտեսական, մշակութային եւ զբօսաշրջային ամբողջ ներուժը: Խնձորի արձանի բացումն ալ առաջին քայլն էր համայնքը որպէս խնձորի հայրենիք պիտակաւորելու: Նոր Գեղին խնձորի ընդարձակ այգիներով (մօտ 700 հեկտար) յայտնի համայնք է, ուր յատուկ մեթոտով կ՛աճեցուին նաեւ անուանական խնձորներ, իսկ գիւղատնտեսութեան մէջ առհասարակ կը կիրարկուին մշակման նորարար մեթոտներ:
Նախատեսուած է այս նախաձեռնութիւնը տարեկան դարձնել՝ զայն կազմակերպելով խնձորի այգիներուն մէջ եւ ներգրաւելով աւելի մեծ թիւով ներգնայ զբօսաշրջիկներ, զբօսաշրջային ընկերութիւններ եւ այլ գործընկերներ։