ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի՝ ընկերակցութեամբ նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերի երեկոյեան, առաւել քան մէկ ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, անոր Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց ընդառաջել ժողովուրդի արդար պահանջներուն եւ յառաջիկայ տարուան պետական ամավարկը մշակել այնպիսի ձեւով, որ ոչ մէկ տուրքի յաւելում կատարուի, փտածութեան արմատները քանդուին, մսխումի առաջքը առնուի, իւրացուած գումարները պետութեան վերադարձուին եւ ընկերային մարզին վերաբերող յստակ լուծումներ ապահովուին:
Կառավարութեան հրաժարականին մասին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ ներկայ փուլին կառավարութեան հրաժարականը աւելիով կը բարդացնէ քաղաքական ճգնաժամը եւ երկիրը կը դնէ անորոշ, աննախատեսելի եւ անհակակշռելի վտանգներու դիմաց:
Ներկայ կացութենէն դուրս գալու համար, թէ՛ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը եւ թէ վարչապետ Հարիրի անհրաժեշտ նկատեցին արտակարգ քայլերու դիմել: