ԵՐԵՒԱՆ, «Սփիւթնիք-Արմենիա».- ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան «Սփիւթնիք-Արմենիա»ի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Համաշխարհային դրամատան հրապարակած «Doing Business 2020» զեկոյցին՝ բացատրելով, թէ ինչո՛ւ նահանջ արձանագրած է Հայաստան եւ ի՛նչ պէտք է ընէ իր դիրքերը բարելաւելու համար։
Տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան նշեց, որ «Doing Business»ի մէջ այս անգամ նկատի առնուած է նոր ցուցանիշ, որ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի գնահատականին վրայ՝ այդ սակարանին կայացած ըլլալու մակարդակն է։ «Նրանք ուսումնասիրել են՝ արդեօք Հայաստանում փոքր բաժնետէրերը պաշտպանուա՞ծ են, եւ թէ մեր բորսայում որքա՛ն արժետէրեր են ներգրաւուած», նշեց Պարսեան։
Ըստ Համաշխարհային դրամատան մեթոտաբանութեան՝ մեր սակարանին մէջ պէտք է 10է աւելի տեղաբաշխող կամ թողարկող կազմակերպութիւն գործէր, որ առիթ պիտի տար, որ Հայաստան իր դիրքը բարելաւէր այդ բաժինին մէջ։ «Բոլոր երկրներին գնահատել են նոյն ցուցանիշով։ Օրինակ՝ Վրաստանում ֆիքսել են (արձանագրած են-Խմբ.) 263 կազմակերպութիւն, որոնք ներգրաւուած են բորսայում, իսկ Հայաստանի պարագայում՝ 3 ընկերութիւն է եղել, մինչդեռ բաւարար լինելու համար անհրաժեշտ է 10ը», յայտնեց ան։
Պարսեանի համաձայն՝ ասիկա լուրջ ահազանգ պէտք է ըլլայ կառավարութեան համար, եւ կառավարութիւնը պէտք է նախաձեռնէ շարք մը օրէնսդրական փոփոխութիւններու, ինչ որ պիտի խրախուսէ փոքր բաժնետէրերու շուկան։
«Կառավարութիւնը պէտք է պարտադրի մենաշնորհ ունեցող կազմակերպութիւններին դառնալ բաժնետիրական եւ իրենց բաժնետոմսերը 1/3ի չափով հանեն բորսայում վաճառքի», նշեց տնտեսագէտը։
Պարսեան դիտել տուաւ, թէ առիթ պիտի տայ, որ մենաշնորհ ունեցող ընկերութիւնները վերաբաշխուին, ինչպէս նաեւ հասարակական վերահսկողութիւն ըլլայ այդ գերիշխող դիրք ունեցող կազմակերպութիւններուն վրայ։
Ըստ Պարսեանի՝ ասիկա շատ լուրջ յեղափոխական քայլ պիտի ըլլայ, եւ կառավարութիւնը, ուշ կամ կանուխ, պէտք է դիմէ այս քայլին՝ պարտադրելով, որ մեր մենաշնորհները դառնան բաժնետիրական, բաժնետոմսերը ըլլան սակարանին մէջ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ աւելի մեծ վերահսկողութիւն բանեցնել եւ եկամուտները վերաբաշխել։
Յիշեցնենք, որ Համաշխարհային դրամատան «Doing Business 2020» զեկուցումին մէջ ներառուած են 190 երկիրներ։ Հայաստանի դիրքը նահանջած է 6 կէտով՝ յայտնուելով 47րդ հորիզոնականին վրայ 2018 թուականի 41րդ հորիզոնականին փոխարէն: