ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Ատրպէյճանի Աղսթաֆա շրջանին մէջ, 23 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ պետական սահմանապահ ծառայութեան նոր խարիսխի մը բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ պետական սահմանապահ ծառայութեան ղեկավար Էլչին Ղուլիեւ:
Ըստ «Ռազմինֆօ»ին՝ խարիսխը տեղակայուած է Հայաստանի զինուորական ուժերու յառաջապահ դիրքերէն մօտաւորապէս 4 քլմ. հեռաւորութեան վրայ եւ կառուցուած է նախապէս գոյութիւն ունեցող շէնքի մը հիմքին վրայ: Շինարարական աշխատանքները սկսած էին այս տարուան գարնան:
Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը Հայաստանի հետ սահմանի Ղազախ-Աղսթաֆա հատուածի պահպանութիւնը ստանձնած էր նախորդ տարուան Հոկտեմբերին, որմէ ետք այս մէկը երրորդ նմանատիպ խարիսխն է։
Առաջինը տեղակայուած է Ղազախի շրջանի հիւսիսային մասին մէջ եւ սկսած է գործել այս տարուան Մարտին, երկրորդը, որ նմանապէս հայկական յառաջապահ դիրքերէն մօտաւորապէս 4 քլմ. հեռաւորութեան վրայ է, նոյն շրջանի հարաւային մասին մէջ շահագործման յանձնուած է Յունիսին:
Նաեւ, Ղազախ-Աղսթաֆա հատուածի ամբողջ երկայնքով կատարուած են շինարարական աշխատանքներ, կառուցուած են ճամբաներ եւ բարեկարգուած են յառաջապահ դիրքերը: