ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Սերպիա մուտքի արտօնագիրի պահանջքի միակողմանի վերացման վերաբերեալ որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 3 Նոյեմբերին:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ, սերպական կողմէ բանաւոր ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, 26 Հոկտեմբերին Սերպիան յայտարարած է սովորական անձնագիրներ կրող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրներու պահանջքի միակողմանի վերացման մասին։
Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 3 Նոյեմբերին՝ որոշումը ընդունուելէն 8 օր անց։ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը հարցին առնչութեամբ դեռ պաշտօնական գրութիւն չէ ստացած, տեղեկացուց Նաղդալեան: