ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Առաւել քան հազար համակիրներ՝ գործիչներ, համայնքային ղեկավարներ, պաշտօնատարներ եւ առատաձեռն նուիրատուներ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, «Պեվըրլի Հիլզի Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ մասնակցեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ու Արիզոնայի մօտ Ճափոնի հիւպատոս Աքիրա Մութօ։
Ներկայ էին աւելի քան 50 պետական պաշտօնատարներ, որ-ոնցմէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի կատարեց բացման խօսքը, իսկ Քալիֆորնիոյ փոխկառավարիչ Էլենի Քունալաքիս արտասանեց փակման խօսքը։
Տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ այս տարի եւս մեծարանքի արժանացան հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ, որոնք նկատառելի ներդրումներ ունեցած են Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն:
Անահիտ Ներսէսեանի կողմէ քայլերգներու կատարումէն ետք, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց բացման աղօթքը: Ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ:
Առաջնորդը օրհնեց ու գնահատեց Հայ Դատի ղեկավարութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ բոլոր այն կամաւորները, որոնք ո՛չ միայն Հայ Դատի ձայնը լսելի կը դարձնեն, այլ նաեւ ձայնը այն ցեղային փոքրամասնութիւններուն, որոնք ցայսօր հալածանքներու, անարդարութեան կ՛ենթարկուին եւ ցեղասապանութեանց զոհ կը դառնան: Սրբազանը նաեւ դր-ուատեց այս տարուան մրցանակ ստացողները, որոնք իրենց նպաստը բերած են Հայ Դատին եւ համայնքի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ պետական մարմինները՝ իրենց զօրակցութեան համար եւ բարերարները՝ իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեան համար: Իր խօսքին ընթացքին, ան յիշատակեց Յակոբ Բաղդասարեանը, «որուն բացակայութիւնը խորապէս կը զգացուի մեր գաղութին եւ ազգային կեանքին մէջ, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ, բայց որուն անսակարկ ծառայութիւնը եւ կատարած բարերարութիւնները երբեք պիտի չմոռցուին»:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Մերի Ֆիլիփեան:
Այնուհետեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ներկայացուց նախորդ տարուան իրագործումները եւ փոխանցեց կազմակերպութեան պատգամը, որուն միջոցաւ ան կոչ եղաւ հայութեան, որ միացեալ ջանքերով աւելի ազդեցիկ պայքար մղեն ի շահ հայութեան, յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն ապահովելով Հայաստանի եւ Արցախի համար, ապահովելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ վնասուց հատուցում։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ 2019ը 100ամեակն է Հայ Դատի յանձնախումբին, որ նախապէս ծանօթ էր «Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան յանձնախումբ» անունով եւ 50ամեակը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, որուն հիմնադիր ատենապետը՝ Յակոբ Մանճիկեան, ձեռնարկէն օրեր առաջ մահացաւ։
Յովսէփեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց յետ մահու յատուկ յարգանքի արժանացող Յակոբ Բաղդասարեանի զաւակներուն՝ Գէւիկ եւ Փիթըր Բաղդասարեաններուն եւ անոնց ընտանիքներուն, որոնք իրենց հօր օրինակին հետեւելով՝ կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Հայ Դատին։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վարուժան Ներսէսեան շնորհաւորեց Հայ Դատին իրագործումները, շնորհակալութիւն յայտնելով հայութեան ի նպաստ իրականացող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն համար:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակներու բաշխումը:
«Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը Քալիֆորնիոյ 27րդ ընտրատարածքը ներկայացնող քոնկրեսական Ճուտի Չուին յանձնեցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Սարգիսեան եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ կամակերպութեան ատենապետ Արազ Բարսեղեան, դրուատելով քոնկրեսականին հայանպաստ քայլերը։
Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք այս պատիւին համար, քոնկրեսական Չու յիշեցուց, որ միայն վերջերս Հայաստան եւ Արցախ այցելած էր, մօտէն ծանօթանալով իրավիճակին։ Ան շեշտեց, թէ այցելութիւնը զինք աւելիով համոզած է, թէ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերը պէտք է շարունակուին։ Յիշեցնենք, որ Արցախի մէջ զինադադարը ամրապնդելու ի նպաստ քայլերը որդեգրուեցան 2020ի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան օրինագիծին մէջ, շնորհիւ Չուի ջանքերուն։
Չու նաեւ պատիւ համարեց զինք իր «սեւ ցանկ»ին վրայ դնելու Ատրպէյճանի որոշումը, որ առնուած էր Չուի Արցախ այցելութեան հետեւանքով։
Ապա, առաջնորդութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Հերմինէ Փախանեանսի եւ իրաւաբան Լինա Դաւիթեանի, յետ մահու յատուկ յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանացաւ ազգային բարերար Յակոբ Բաղդասարեան, Հայ Դատի ջատագովման նպատակով իր երկարամեայ ջանքերուն համար: Յուշատախտակը յանձնուեցաւ Յակոբ Բաղդասարեանի զաւակներուն՝ Գէւիկ եւ Փիթըր Բաղդասարեաններուն, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին այս պատիւին համար։
«Տարուան Կինը» մրցանակը շնորհուեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրին, որ կը ներկայացնէ գաւառին 5րդ ընտրատարածքը: Մրցանակը յանձնուեցաւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Սագօ Պէրպէրեանի եւ Անահիտ Օշականի, ինչպէս նաեւ Հանրապետական Հայերու Ազգային կազմակերպութեան ատենապետ Հերի Լիոնի կողմէ, որոնք դրուատեցին 2016էն ի վեր հայութեան իրաւանց ջատագովը եղած եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծագոյն հայ համայնքին ներկայացուցիչը հանդիսացող Պարկըրի հայանպաստ քայլերը, նշելով յատկապէս՝ ամէն տարի գաւառին մէջ Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակելու եւ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանին համար մէկ միլիոն տոլար ապահովելու քայլերը:
Այս ամառ Հայաստան այցելած Պարկըր շնորհակալութիւն յայտնեց «նման բացառիկ կազմակերպութենէ մը» այս պատիւը ստանալուն եւ Հայ Դատին ցուցաբերած սերտ գործակցութեան համար։
Նշենք, որ Հայ Դատը նաեւ կը զօրակցի Պարկըրի յառաջիկայ ընտրապայքարին. գաւառին յաջորդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 2020ին:
Այնուհետեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխատենապետ՝ իրաւաբան Րաֆֆի Գասապեան եւ վարչութեան անդամ Լենա Պօզոյեան «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը յանձնեցին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, դրուատելով անոր կողմէ Հայկական Հարցին տրամադրուած օրինակելի սպասարկութիւնները:
Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց՝ խոստանալով վառ պահել Խրիմեան Հայրիկի ձգած պահաջատիրութեան ժառանգութիւնը, իր խորին յարգանքը արտայայտելով անոր։ «Երազողներն են ապագային ճարտարապետները»՝ աւելցուց առաջնորդը, ողջունելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած ազգանուէր աշխատանքը։
Այնուհետեւ, «Լրատուական Մարզին Մէջ Գերազանցութիւն» մրցանակը շնորհուեցաւ հաղորդավար եւ լրագրող Արաքսիա Կարապետեանին: Մրցանակը յանձնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ իրաւաբան Հայկ Տիքիճեան, Գէւ Իսքաճեան եւ Ճոզէֆ Քասքանեան, որոնք գնահատեցին լրատուամիջոցներու միջոցաւ մեծարեալին սպասարկութիւնները Հայ Դատին։
Իր կարգին, Կարապետեան իր կեանքին մղիչ ոյժը համարեց հայ համայնքը եւ անոր սպասարկութիւններ տրամադրելը նկատեց իր պարտականութիւնը՝ աւելցնելով, որ համայնքի իւրաքանչիւր անհատ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունի իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նեցուկ կանգնելու համայնքին։
Անցեալ տարուան ընթացքին իրականացած վարժողական ծրա-գիրին մասնակցողներու պատրաստած տեսանիւթին ցուցադրութենէն ետք, Արեւմտեան Ա-մերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան ներկայացուց Ա-րեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրներու մասնակցողները, որոնք էին՝ Յակոբ Հաճիբեկեան, Կրեկըրի Միխանաճեան, Սանել Այնթէպեան եւ Արեգ Ճանկէօզեան։ Բեմ հրաւիրուեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Արսէն Շիրվանեան, կառավարական հարցերու համակարգող Սերոբ Աբրահամեան, համայնքային հարցերու համակարգող Սիմոն Մաղաքեան եւ ծրագիրներու համակարգող Լորի Սինանեան։
«Երիտասարդութիւնը ողնայարը եւ ապագան է, ու իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է արդարութեան ջահը յառաջ տանելու», յայտարարեց Սահակեան։
Երեկոն աւարտեցաւ հայկական ժողովրդային երգերով՝ Անահիտ Ներսէսեանի կատարումով, ի պատիւ Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակին։