Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը, կ՛ողջունեն Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2019ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։
Այս առթիւ, Արեւմտեան թեմը կը շնորհաւորէ համայն հայութիւնը, որ 1915էն ի վեր անմար կամքով հաւատաց ու կը հաւատայ իր արդար իրաւունքներու վերատիրացման երազին, որուն առաջին քայլը իրականացած տեսնելու հպարտառիթ վայրկեանը ապրելու բախտը կ՛ունենանք բոլորս։ Կը գնահատէ Ներակայացուցիչներու տան անդամներն ու քաղաքական գործիչները, որոնք յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան, շարունակաբար աջակցած են Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու գործին։ Յատկապէս կը գնահատէ ու կը շնորհաւորէ Հայ Դատի յանձնախումբը, բոլոր մարմիններն ու կամաւորները, որոնց տասնամեակներու վրայ երկարող անդադրում ջանքերուն արգասիքն է այս յաղթանակը։
Այսու, կոչ կ՛ուղղենք նաեւ, որ միասնաբար շարունակենք զօրակցիլ Հայ Դատին, որպէսզի յաղթանակի այս առաջին հանգրուանը ամբողջանայ գալիք նոր յաղթանակներով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ