ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 31ին տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հերթական նիստը, որուն բացումը կատարեց Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ խորհրդարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի հեղինակներուն, կողմ քուէարկած քոնկրեսականներուն, հայկական կազմակերպութիւններուն եւ բոլորը շնորհաւորելով՝ նշեց. «Մենք կարող ենք արձանագրել, որ պատմական յաջողութիւն ունենք եւ, որ պակաս կարեւոր չէ, այդ յաջողութիւնը գրանցուել է թիմային ու տարիների հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ»:
Հակառակ պետական-իրաւական մնայուն յանձնաժողովի բացասական եզրակացութեան, խորհրդարանը որոշած էր նստաշրջանի օրակարգ մտցնել նաեւ քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով Ազգային ժողովին ներկայացուած «Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնում փոփոխութիւններ կատարելու մասին» նախագիծը՝ զոր խորհրդարանին ներկայացուց նախաձեռնող խումբի լիազօր ներկայացուցիչ Վլադիմիր Պօղոսեան:
Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծով առաջարկուած է փոփոխութիւն կատարել Արցախի սահմանադրութեան 48րդ յօդուածի 2րդ եւ 3րդ մասերուն մէջ՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուելու իրաւունք տալով նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, իսկ մնայուն բնակութեան ընտրական ցենզը (արտօնակարգը-Խմբ.) նուազեցնել՝ նախագահի թեկնածուի համար 10 տարին դարձնելով 3, իսկ պատգամաւորի թեկնածուին համար 5 տարուան փոխարէն սահմանելով 3 տարի: Յարակից զեկուցումներով հանդէս եկան խորհրդարանի գլխադասային յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Ջիւանեան, իսկ կառավարութեան տեսակէտը ներկայացուց արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան: Զեկուցողներուն հարցեր տուին մէկ տասնեակէ աւելի պատգամաւորներ:
Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն կողմէ հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումներ ներկայացուցին «Վերածնունդ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Խանումեան, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան եւ «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան:
Արտակարգ ելոյթի իրաւունքով հանդես եկաւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
4 թեր, 24 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ նախագիծը մերժուեցաւ: