ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք իր տարեկան երկրորդ ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրը եւ քաղաքագէտ ու իրաւագէտ Քեն Խաչիկեանը։
Թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան կը յիշեցնէ, որ Պարկըր թանգարանի ծրագիրին կարեւորագոյն զօրակիցներէն մէկն է, եւ անոր ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է գաւառի իշխանութիւններէն մէկ միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովել Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանին:
Կարապետեան կ՛աւելցնէ, թէ քաղաքական եւ կառավարական շարք մը պատասխանատու պաշտօններու վրայ գտնուած Խաչիկեան երկար տարիներ նեցուկ կանգնած է համայնքային շարք մը նախաձեռնութիւններու, ինչպէս նաեւ թանգարանի ծրագիրին։
Նշենք, որ Լոս Անճելըս գաւառի 5րդ ընտրատարածքը ներկայացնող Քեթրին Պարկըր հայ համայնքի իրաւանց ջատագովը եղած է, տարբեր առիթներով փաստելով, թէ պատրաստ է աջակցելու համայնքին անմիջական եւ ապագայի կարիքներուն: Ան ամէն տարի Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակած է գաւառին մէջ, մեծարելով շարք մը հայ քաղաքացիներ եւ կազմակերպութիւններ:
Միացեալ Նահանգներու երեք նախագահներու, ներառեալ 8 տարիներ՝ Ռանըլտ Ռեկընի՝ իբրեւ ճառերու գլխաւոր հեղինակ եւ քաղաքական խորհրդական ծառայած Քեն Խաչիկեան ներկայիս մաս կը կազմէ այն իրաւաբանական հիմնարկին, որ գոյացուց թանգարանին եւ Կլենտէյլ քաղաքին միջեւ թանգարանի տարածքին վարձակալութեան համաձայնագիրը։
Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնի տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.AAMGala.org կայքը կամ դիմել (818) 644-2073 թիւին:
Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները. Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: