(Ծննդեան 190ամեակին Առիթով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ գրականութեան անմահներու համաստեղութեան մէջ Ազատութեան լոյսը միշտ վառ պահող մեծ աստղն է Միքայէլ Նալբանդեան, որուն ծննդեան 190րդ տարեդարձը կը նշէ մեր ժողովուրդը Նոյեմբերի 2ի օրը։
Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացման, յատկապէս արդի ժամանակներու ոգիով վերաթարմացման մէջ անվիճելիօրէն մեծ է ներդրումը Միքայէլ Նալբանդեանի։
Եթէ կարելի է մէկ բառով խտացնել Նալբանդեանի տարողութեամբ յորդառատ մեծութիւն մը, գլխագիր «Ազատն» յատկանիշը առաւելագոյն ընդգրկումով կրնայ բնորոշել Միքայէլ Նալբանդեան Հայ¬Յեղափոխականը, Մարդ¬Քաղաքացին եւ Բանաստեղծ¬Իմաստասէրը։
Ազա՛տն Հայը։
Բառին պարզ, մեկին ու խորագոյն իմաստով Ազատութեան հայ երգիչն է Մ. Նալբանդեան, որ անմահացած իր բանաստեղծութեան՝ «Երգ Ազատութեան» առաջին իսկ տողէն, նոյնինքն Ամենակարողին համար բնութագրական գտաւ «Ազատն Աստուած» կոչումը, աստուածային մեծագոյն եւ ամէնէն իրաւ յատկանիշը հռչակելով «Ազատ» ըլլալու իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։
Ազատն Աստուած այն օրից,
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել.
Ես անբարբառ մի մանուկ
Երկու ձեռքս պարզեցի,
Եւ իմ անզօր թեւերով
Ազատութիւն գրկեցի։
Մէկուկէս դար է, ահա՛, որ մեր ժողովուրդին իրերայաջորդ սերունդները, ո՛ւր որ ալ ծնունդ առնեն եւ ի՛նչ երկինքի տակ ալ կազմաւորուին, հայրենի ոստաններէն մինչեւ պանդխտութեամբ թէ տարագրութեամբ կազմուած աշխարհասփիւռ հայօճախները, իրենց մանուկ տարիքէն կեանքին ու աշխարհին կը բացուին Նալբանդեանի «Ազատութեան Երգ»ով՝ ազգային իրենց յիշողութեան մաքրամաքուր ակունքի վերածելով սոսկ քերթուածէ մը շատ անդին անցած եւ վեր բարձրացած պատգամը.
Մինչ գիշերը անհանգիստ,
Օրօրոցում կապկապած,
Լալիս էի անդադար
Մօրս քունը խանգարած,
Խնդրում էի նորանից
Բազուկներս արձակել,
Ես այն օրից ուխտեցի
Ազատութիւնը սիրել։
Եւ իրապէ՛ս յանուն Ազատութեան պայքարի երգ մը եղաւ Միքայէլ Նալբանդեան ի՛նք, որ թէեւ կարճատեւ կեանք ունեցաւ այս աշխարհին վրայ, բայց իր անձին օրինակով ու գործով՝ յաւերժութեան արժանացաւ հայ ժողովուրդի սրտին ու միտքին մէջ։
Անմահացաւ իր պատգամած միտքերով.
«Ազգ ասացեալը է՛ այն ուժը, այն կենդանի կապակցութիւնը մարդերի, որ առանց նորան, կամ՝ նորանից դուրս, մասնաւոր մարդը կը կինէր մի անօգուտ անձնասէր-էգոիստ, իսկ բոլոր մարդկութիւնը՝ մի անպտուղ վերացականութիւն։
«Ոչ մի ազգութիւն իրաւունք չունի կուլ տալու եւ ոչնչացնելու մի ուրիշ ազգութիւն, բայց այս բանը ստեպ կրկնւում է մարդկութեան պատմութեան մէջ։
«Բայց մի աննկարագրելի վատաբախտութիւն, մի սարսափելի տեսարան է, եթէ մի ազգի անդամք ինքեանք հրաժարւում են իւրեանց ազգութիւնից, եւ մտանելով մասնաւորութեան կորստական դրօշակի տակ, ընդհանուր մարդկային յարգ ու արժանաւորութիւն տեսանել համարում են մի մեծ, բայց օտար ազգի ազգութեան մէջ։ Ի՜նչ ողորմելի փիլիսոփայութիւն, ի՜նչ արտասուելի վարդապետութիւն։ Թող ամենայն ազգ պահպանէ իւր ազգութեան կերպարանքը, թող ազատ եւ պայծառ ծաղկի ամենայն ազգութիւն մարդկեղէն աշխարհի մէջ. դոքա միայն զօրութիւն, հոգի են տալիս ազգերի ընդհանուր աշխատութեանը։
«Բայց երբ բռնութիւնը, ազատութեամբ շուալուելով, հանդէս կը գայ, երբ նեղսիրտ խաւար խղճի ազատութեան եւ լուսեղէն դիմակներով կը զարդարուի, եւ բուն ազատութիւնը կը քարկոծուի, այն ժամանակ ամէն ստոյգ ազատասէրի պարտքն է բանականութեան սրով ասպարէզ մտնել եւ կեղծաւոր փարիսեցիների գլխից Մովսէսի քողը մերկացնել. այս վարդապետութան հետեւում ենք մենք»։
***
Միքայէլ Նալբանդեան ծնած էր 2 Նոյեմբեր 1829ին, Նոր Նախիջեւան (Տոն գետի եզրին, Ռոստով քաղաքի մօտ)։ Մանկութեան աշակերտած էր Գամառ Քաթիպայի՝ Ռափայէլ Պատկանեանի հօր Գաբրիէլ քահանայի անձնական դպրոցին եւ մեծապէս ազդուած էր ազատասէր ու ազատախոհ այդ հոգեւորականին խիզախ գաղափարներէն։ Հոգեւորականի իր կոչումը եւս ներշնչուած էր իր առաջին ուսուցիչէն։
Թոթով լեզուիս մինչ կապեր
Արձակուեցան, բացուեցան,
Մինչ ծնողքս իմ ձայնից
Խնդացին ու բերկրեցան,
Նախկին խօսքն, որ ասացի՝
Չէր հայր, կամ մայր, կամ այլ ինչ՝
Ազատութի՜ւն, դուրս թռաւ
Իմ մանկական բերանից։
«Ազատութի՞ւն,¬ ինձ կրկնեց
Ճակատագիրն վերեւից.¬
Ազատութեա՞ն դու զինուոր
Կամիս գրուիլ այս օրից:
Ո՜հ, փշոտ է ճանապարհդ,
Քեզ շատ փորձանք կը սպասէ.
Ազատութիւն սիրողին
Այս աշխարհը խիստ նեղ է»։
Այնուհետեւ, ինքնազարգացումը եղաւ Մ. Նալբանդեանի կեանքին մղիչ ոյժը։ 1848ին իբրեւ քարտուղար աշխատանքի կոչուեցաւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց առաջնորդարանին մէջ՝ վայելելով օրուան առաջնորդ Մատթէոս արք. Վեհապետեանի ամբողջական հովանաւորութիւնը։ Չորս տարի մնաց այդ պաշտօնին վրայ՝ պատրաստուելով իր հոգեւորական ձեռնադրութեան։ Առաջնորդարանի քարտուղարութիւնը նաեւ օգնեց Նալբանդեանին, որպէսզի պաշտօնով այցելութիւններ կատարէ եւ մօտէն ծանօթանայ Ռուսիոյ հայաշատ գաղութներուն։
Բայց յեղափոխական խմորումներու եւ ալեկոծումներու ժամանակաշրջան էր, Նոր Նախիջեւանի հայութեան կեանքը կ՛անցնէր բարեփոխման բուռն պայքարներու բովէն՝ յատկապէս «Խալիպեան¬Վեհապետեան» բեւեռացումով յատկանշուած ներ¬հայկական հակադրութիւն մը հունաւորեց Նալբանդեանի հետագայ կեանքը։ Խալիպեան շրջանի քաղաքապետն էր եւ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսին կողմէ վերին պատասխանատու նշանակուած էր տեղւոյն հայոց եկեղեցապատկան հարստութեանց յանձնախումբին։ Կարծրատիպ մարդ էր եւ միանձնեայ կը գործէր՝ մերժելով հաշուետուութիւն կատարել ժողովուրդին, որ սկսած էր բողոքել նման վարքագիծի դէմ։ Մատթէոս արքեպիսկոպոս եւ Մ. Նալբանդեան գլխաւորեցին ժողովրդային բողոքի շարժումը։ Աշտարակեցի կաթողիկոս Էջմիածին կանչեց Նալբանդեանը՝ զինք կարգի բերելու համար, բայց ան արդէն ըմբոստ՝ փախուստ տուաւ դէպի Ռուսիա, նախ՝ Ս. Փեթերսպուրկ, ապա՝ Մոսկուա, ուր Լազարեան ճեմարանի մէջ հայերէնի դասատու դարձաւ։ Միաժամանակ ուսանեցաւ իբրեւ ազատ ունկնդիր եւ Արեւելագիտութեան մէջ մագիստրոսի աստիճանին տիրացաւ։ Մօտէն ծանօթացաւ Ստեփանոս Նազարեանցի հետ եւ անոր աջ բազուկը դարձաւ «Հիւսիսափայլ» հանդէսի հրատարակութեան մէջ։
Աշտարակեցի կաթողիկոս բնաւ չներեց Նալբանդեանի ընթացքը եւ պետական միջամտութեան դիմեց, որպէսզի փախստականը բերուի Էջմիածին։ Միայն Ստեփանոս Նազարեանցի ծանօթութեանց եւ միջամտութեան շնորհիւ, Նալբանդեան փրկուեցաւ ձերբակալութենէ, բայց վերջնականապէս փակեց հոգեւորական դառնալու իր կոչման էջը։
Եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայ ժողովուրդի ազատութեան երգիչն ու Հայաստանի ազատութեան պատգամաբերը դառնալու առաքելութեան.
¬ Ազատութի՜ւն,¬ գոչեցի,¬
Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թող դաւ դնէ թշնամին,
Ես մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտ՛ կրկնեմ
Անդադար՝ Ազատութի՜ւն։
Այդպէս սկսաւ Նալբանդեանի գրական, հրապարակախօսական եւ հասարակական գործունէութեան եռուն ու կրակոտ շրջանը։ Յանուն Ազատութեան եւ Ազատախոհութեան՝ բոցաշունչ պայքար ծաւալեց բոլոր ճակատներուն վրայ՝ բանաստեղծութեամբ, հրապարակագրութեամբ եւ յեղափոխական կենդանի գործով։ Ժողովուրդի ազատ կամքին պաշտպանութիւնը գերխնդիր հռչակեց։ Դրօշակիրը դարձաւ արեւելահայ աշխարհաբարի նուաճումին։ Անխնայ խարազանեց հայ հոգեւորականութեան անարժան եւ խաւարամիտ ներկայացուցիչները, որոնք սեփական հօտի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ ազգային¬հասարակական զար-գացման ծառայելու փոխարէն՝ ստրկամտութեան քարոզիչներ դարձած էին, սեփական բարեկեցութեան ու յղփացումին անձնատուր։ Նմանապէս կատաղի հակառակորդը դարձաւ ունեւոր հայերու այն խաւին ու տեսակին, որ սիրամարգի ինքնասիրահարութեամբ կ՛ուզէր պարզապէս հայ իրականութեան մէջ փառաւորուիլ իր հարստութեամբ։
Այդօրինակ հարուստ խեղճութիւններուն կը վերաբերէր իր պատգամը, երբ գրեց.
«Հարուստներին պէտք է խղճալ. նրանք շրջապատուած են բարիքներով, որոնք, սակայն, չեն թափանցում նրանց հոգիների մէջ»։
Իբրեւ յեղափոխականի՝ հալածանքը կանուխէն սկսաւ Նալբանդեանի դէմ։ 1858ին նաեւ թոքախտի առաջին ախտանշանները առաջացան։ Բուժման համար արտասահման անցաւ. նախ՝ Պոլիս, ուր մօտէն ծանօթացաւ արեւմտահայ Զարթօնքի իր գաղափարակիցներուն՝ Ստեփան Ոսկանի եւ Յարութիւն Սվաճեանի, որոնց հետ մինչեւ մահ շարունակեց գործակցութիւնը։ Ապա՝ Եւրոպա, Ժընեւ ու Փարիզ, ուր առիթը ունեցաւ անձամբ շփուելու եւ մտերմանալու աքսորական ռուս յեղափոխականներու՝ Բակունինի եւ Տուրգենեւի հետ։
Վերադարձաւ Մոսկուա, բայց շուտով 1860ին դարձեալ ճամբորդութեան ձեռնարկելու եւ Լոնտոնի վրայով Հնդկաստան երթալու համար՝ հայութեան բաժին հանուած կտակներու տիրութիւն ընելու նպատակով։ Յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ վերադարձաւ Մոսկուա, հոնկէ ալ Նոր Նախիջեւան, ուր կտակներէն ապահովուած գումարով ձեռնարկեց ազգային «Սահակ¬Մեսրոպեան» վարժարանի կառուցումին։
Հալածանքը սաստկացաւ եւ գագաթնակէտին հասաւ Նալբանդեանի դէմ եւ 1862ին ան ձերբակալուեցաւ ու երեք տարուան ազատազրկման դատապարտուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի քաղաքական բանտարկեալներու բերդին մէջ։ Առողջական վիճակը լրիւ քայքայուեցաւ եւ երբ, 1865ին, բանտարկութիւնը վերջ գտաւ ու աքսորավայր ղրկուեցաւ, Միքայէլ Նալբանդեան Կամաշին քաղաքը հասաւ «առաւել մեռած, քան կենդանի»…
Եւ 1866ի Մարտ 31ին յոգնաբեկ իր աչքերը վերջնականապէս փակեց 37ամեայ «Ազատն Նալբանդեան»։ Մարմինը տարուեցաւ Նոր Նախիջեւան եւ ազգային աննախընթաց յուղարկաւորութեամբ իր վերջնական հանգիստը գտաւ տեղւոյն Ս. Խաչ վանքին մէջ։
***
Հայ ժողովուրդը իր սրտին եւ հոգիին ամէնէն ջերմ ու զեղուն թրթռացումներով անմահ երգի վերածեց Հայկական Յեղափոխութեան «Ազատն» ռահվիրային՝ Միքայէլ Նալբանդեան անունը, անոր բանաստեղծական ու հրապարակախօսական ժառանգութիւնը։
Եւ հայ ժողովուրդը արդարացիօրէն Նալբանդեանի «Մեր Հայրենիք»ը վերածեց «Ազատն Հայաստան»ի քայլերգին՝ նոյնիսկ նախքան Հայաստանի անկախութեան կերտումը։
Աւելի՛ն. պատահականօրէն եւ կամայականօրէն չէր, որ 1990ին Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի Հռչակագիրին հետեւեցաւ նորովի տարազումով՝ «Ազատ ու անկախ» մեր նոր կեանքի օրհնանքով վերամշակուած Նալբանդեանի «Մեր Հայրենիք»ին որդեգրումը՝ իբրեւ պետական օրհներգը Հայաստանի Հանրապետութեան։
Նալբանդեանի «Մեր Հայրենիք» բանաստեղծութիւնը անվիճելիօրէն հայ ժողովուրդին էութենէն բխած երգ է ու յաւերժութեան իրաւունքը նուաճած ազգային պատգամ է.
Մեր Հայրենիք թշուառ անտէր,
Մեր թշնամեաց ոտնակոխ,
Իւր որդիքը արդ կանչում է,
Հանել իւր վրէժ, քէն ու ոխ։
Մեր հայրենիք շղթաներով,
Այսքան տարի կապկապուած,
Իւր քաջ որդուոց սուրբ արիւնով
Պիտի լինի ազատուած։
Ահա՛, եղբայր, քեզ մի դրօշ,
Որ իմ ձեռքով գործեցի։
Գիշերները ես քուն չեղայ,
Արտասուքով լուացի։
Նայի՛ր նրան, երեք գոյնով՝
Նուիրական մեր նշան,
Թո՛ղ փողփողի թշնամու դէմ,
Թո՛ղ կործանի Տաճկաստան։
Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պի՛տ մեռնի,
Բայց երանի՛ որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի: