ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Մինչ Լիբանանի նախագահական պալատի աղբիւրները կը տեղեկացնէին, որ նախագահ Միշէլ Աուն յառաջիկայ օրերուն երեսփոխանները պիտի հրաւիրէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Ժողովրդային շարժումէն 40 օր ետք եւ այդ արդարացի շարժումի պահանջներուն ընդառաջելու նպատակով կառավարութեան հրաժարականէն ամիս մը ետք, այսօր յստակ է, թէ Լիբանան կը գտնուի ազգային եւ տնտեսական սուր տագնապներու դիմաց: Իսկ այդ սուր տագնապներուն լուծումներ ապահովելու իմաստով ցուցաբերուած անկարողութեան պատճառը այն է, որ այդ պահանջներուն նկատմամբ անտեսումի քաղաքականութիւն կը ցուցաբերուի շաբաթներէ ի վեր: Ի տես այս վտանգաւոր կացութեան եւ կանխարգիլելու համար քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական այս վատ իրավիճակը, անհրաժեշտ կը գտնեմ լիբանանցիներուն անկեղծօրէն յայտնելու իմ կեցուածքը, որպէսզի առիթ ստեղծեմ քաղաքական եւ տնտեսական անհրաժեշտ լուծումներ որդեգրելու: Բոլորը կը հաստատեն, որ կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուն ես եմ, սակայն այս պաշտօնական կեցուածքով բոլոր լիբանանցիներուն կը հաստատեմ, որ յաջորդ կառավարութիւնը նախագահող վարչապետը ես պիտի չըլլամ, այլ ուրիշ մը, որ կարենայ կազմել լիբանանցի երիտասարդներուն ձգտումները իրականացնող նախարարաց խորհուրդ մը»:
Միւս կողմէ, Այն Ռըմմանէի, Շիյահի, Պաապտայի, Պիքֆայայի, Պաալպեքի եւ Թրիփոլիի մէջ լիբանանցի քաղաքացիներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, մտահոգութիւններ յառաջացնելով, որ ընկերային պահանջներու վրայ հիմնուած ժողովրդային շարժումը կրնայ վերածուիլ հատուածական ընդհարումներու։
Լիբանանեան բանակը կրցաւ արագ միջամտութիւններով զսպել կացութիւնը, սակայն բախումները տասնեակներով վիրաւորներ խլեցին։