ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան «Հայրենիք» խորհրդարանական խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորները որոշած են մասնակցիլ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին ամսական 10,000 դրամ սեփական աշխատավարձէն տրամադրելու համահայկական շարժումին։
Այս մասին տեղեկացուց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արպատ Աւանեսեան՝ նշելով, որ նման որոշում տրուած է խմբակցութեան 4 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած նիստին: «Անուրանալի է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի դերը Արցախի կեանքում: Մենք ամէն տարի մեր համեստ մասնակցութիւնն ենք ունենում դրամահաւաքին, բայց վերջին տարիներին տպաւորութիւն կայ, որ հետաքրքրութիւնը գնալով նուազում է: Սա անընդունելի է, քանի որ հայրենիքը մեր բոլորիս աջակցութեան կարիքը դեռեւս զգում է ու միշտ զգալու է, կարեւոր չէ՝ երբ, ինչպէս: Այս առումով մեզ եւս ոգեւորել է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը, որ իւրաքանչիւր հայ ամէնամսեայ սկզբունքով իր բաժին մասնակցութիւնը ունենայ: Մեր խմբակցութեան բոլոր 16 պատգամաւորները եւս որոշել են միանալ այդ համազգային ակցիային: Ի դէպ, քանի որ մի ամիս յետոյ կ՛աւարտուեն խորհրդարանի լիազօրութիւնները, աւագ գործընկերոջ իրաւունքով խնդրել եմ բոլորին չսահմանափակուել նշուած ժամկէտով», յայտնեց Ա. Աւանեսեան:
Պատգամաւորը նաեւ կոչով դիմեց համայն հայութեան՝ նշելով, որ եթէ այս շարժումին սկզբունքներէն է մարտահրաւէր յղել այլ ընկերներու, ուրեմն «Հայրենիք» խմբակցութեան անունով մարտահրաւէր կ՛ուղղենք բոլորին։ «Որպէսզի յետոյ ոչ մի հայ իր չմասնակցելու հանգամանքը չպայմանաւորի, որ իրեն մարտահրաւէր ուղարկող չի եղել։ Այն նաեւ լաւ հնարաւորութիւն է, որպէսզի ազգային տուրքը, որպէս գաղափար, կեանքի կոչուի: Մենք այդ մասին երկար տարիներ խօսում ենք, բայց այդպէս էլ չենք անում», նշեց Աւանեսեան: