ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Նոյեմբեր 24ին, Տեսինի Հայ յուշագրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած են Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) նոր վարչութեան, իսկ այնուհետեւ նաեւ նախագահութեան ընտրութիւնները:
Ինը հոգինոց նոր վարչակազմ ընտրուած է Ֆրանսայի երեք շրջաններէն (Հիւսիս, Կեդրոն եւ Հարաւ), երեքական պատգամաւորներով: Բարոյական, ելեւմտական եւ քաղաքական տեղեկագիրներու ընդունուելէն ետք, երեք շրջաններու 27 պատգամաւորները 24 թեր, մէկ դէմ, մէկ անվաւեր եւ մէկ սպիտակ քուէով՝ երեք տարուան համար վերստին CCAFի համանախագահներ ընտրած են Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը: