ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օրէ ի վեր աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Լոնտոնի վրայ, ուր կը գումարուէր ՆԱԹՕի գերաստիճանը։
Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի՝ «ՆԱԹՕ ուղեղային մահ կ՛ապրի» խօսքերը դժգոհութիւն յառաջացուցած էին կառոյցի շարքերէն ներս։ Ուրիշ կարեւոր հարց մըն էր նաեւ այն, թէ Ամերիկա որոշած էր տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկել Ֆրանսայի դէմ ու 100 տոկոսով բարձրացնել կարգ մը ապրանքներու վրայ դրուած հարկերը։
Լուսարձակի տակ էին նաեւ ղեկավարներու սխալմամբ լսուած բամբասանքները։
Արդարեւ, թագուհիին կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին արձանագրող սարքեր «որսացած» են մէկ օր առաջ Ամերիկայի նախագահ Թրամփին հետ վիճաբանած Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ Գանատայի ու Բրիտանիոյ վարչապետներուն միջեւ զրոյցէն մասեր, ուր անոնք կը բամբասէին Ամերիկայի նախագահ Թրամփի հասցէին։ Այս բացայայտումէն զայրացած, Թրամփ ջնջած է նախապէս ծրագրուած մամլոյ ասուլիսը ու կանուխէն լքած է ժողովը, վերադառնալով Ուաշինկթըն, ուր զինք կը սպասէին զինք պաշտօնազրկելու գործին լծուած դեմոկրատները։
Յատկանշական է նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան չկրցաւ ՆԱԹՕի անդամներէն համաձայնութիւն մը ապահովել, Սուրիոյ քրտական ուժերը «ահաբեկչական» որակելու գիծով։