ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 7 Դեկտեմբերին ընդունեց Կուաթեմալայի Հանրապետութեան Քոնկրեսի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Ֆիլիփէ Ալեխոս Լորենզանան եւ Քոնկրեսի երեսփոխան, նախագահութեան քարտուղար Խուան Ռամոն Լաուը, որոնք Ստեփանակերտ եկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սօս Աւետիսեանի ընկերակցութեամբ: Լուրը հաղորդեց Արցախի Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը:
Ողջունելով հիւրերը՝ խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ Կուաթեմալայի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան Արցախ այցելութիւնը բարեկամութեան նոր հեռանկարներ կը բանայ՝ Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներուն հետ միջխորհրդարանական կապեր հաստատելու համար: Աշոտ Ղուլեան հիւրերուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի պետականաշինութեան, խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուած բարեկամական խումբերուն եւ շրջանակներուն մասին:
Ֆիլիփէ Ալեխոս Լորենզանա, խօսելով այցելութեան մասին՝ ըսաւ, որ մեծ պատիւ կը նկատէ Արցախի մէջ գտնուիլը եւ կը հաստատէ երկխօսութեան միջոցով երկրին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններու հաւաքագրման անհրաժեշտութիւնը: Խօսելով ատրպէյճանական-արցախեան տագնապին մասին՝ Ֆիլիփէ Լորենզանա շեշտեց, որ թեր է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին եւ տագնապի բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ հարցի բանակցային ճամբով լուծման: Ան նաեւ Արցախի խորհրդարանի ղեկավարին հաղորդեց, որ իրենց այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին հետ սկիզբ առին գործնական յարաբերութիւններ՝ մասնաւորաբար, վերջերս երկու խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ եւս:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Քոնկրեսի երեսփոխան եւ նախագահութեան քարտուղար Խուան Ռամոն Լաու կարեւոր նկատեց Լատին Ամերիկայի մէջ Արցախի շրջանին վերաբերեալ անաչառ տեղեկատուութեան տարածումը եւ երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան խորացումը:
Քննարկուեցան արցախեան տագնապին, բանակցային հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի միջնորդական գործունէութեան վերաբերող նիւթեր:
Հանդիպումին մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան: