ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Արտակ Դաւթեան 10 Դեկտեմբերին այցելեց պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական հաւաքակայանը:
Կատարուեցաւ 2019ի երկրորդ զօրակոչի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուած անձնակազմի քննութիւն, տեղւոյն վրայ քննուեցան զօրակոչի նախապատրաստական աշխատանքները, ներգրաւուած ծառայութիւններու եւ ստորաբաժանումներու պատրաստութիւնը:
Զօր. Դաւթեանին ներկայացուեցաւ զօրակոչիկները դիմաւորելու, ընդունելու, հանդերձաւորման եւ բժշկական ստուգման սենեակներուն պայմանները:
Զօր. Արտակ Դաւթեան պատասխանատու ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ, յորդորեց կատարել առաւելագոյնը՝ ձմեռնային զօրակոչը յաւուր պատշաճի իրականացնելու նպատակով: