ՎԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆԵԱՆ ՃԱՆՍԸԶԵԱՆ
Ֆրանսացի հոգեբոյժ-փիլիսոփայ Ալէն (Alain), որ կարծես չէր կշտացած իր մանկութենէն եւ տակաւին ասդիէն-անդիէն կապեր կ՛որոնէր իր կեանքին կապուած տուեալներուն հետ, օր մը յանկարծ խաղը ձգելով տուն կը վազէ, խոհանոց կը խուժէ եւ մօրը հարց կու տայ.
– Մայրի՛կ, ի՞նչ կ՛եփես:
Մայրը, զարմացած տղեկին անակնկալ հարցումէն, կը պատասխանէ.
– Քու սիրած անոյշդ, վաղուց չէի հրամցներ այս անոյշը…
Ալէն, փաթթուելով մօրը, կը հաստատէ.
– Հիմա գտար մանկութիւնս, մայրիկ,- կը պոռայ թաղին մէջ, դրացիները գլուխը հաւաքելով:
Cookie-ի մը անոյշ բոյրը հսկայ մտաւորականը կ՛առաջնորդէ մանկութեան ելեւէջներու մէջ եւ կը փոխանցէ իրեն հանդիպող իւրաքանչիւր փոքրիկին:
Լոս Անճելըսի գրական աշխարհին մէջ ալ, համբաւաւոր մանկաբոյժ Վարդան Թաշճեան, նման կացութեան մը առջեւ կը գտնէ ինքզինք. ինքն ալ մանկութեան օրերը փնտռած ատեն, կը հանդիպի հիւղակի մը նկարին եւ ուշքի գալով՝ կը յիշէ ու կը գտնէ իր մանկութեան հիւղաւանը (Պուրճ-Համուտի Թիրօ քեմփը) եւ պոռալով, երեւակայութեամբ մօրը կը վազէ, իր յուշերը աղաղակելով.
– Մայրի՛կ, գտայ մանկութիւնս:
* * *
Նոյեմբեր 20ին, Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Ռէյմոն եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն Բժշկութիւն» հատորին շնորհահանդէսը, համահայկական կազմակերպութեամբ:
Ստորեւ նախաճաշակ մը՝ տոքթ. Թաշճեանի գրիչէն, որ պարզ ու խորունկ կերպով կը ներկայացնէ մեր տոհմիկ գեղեցկութիւնը՝ հայ գաղթականներու վիճակին ընդմէջէն.
«Երբ մանուկ էի, անտունի մը ըսաւ ինծի.
– Բժի՛շկ եղիր:
Երբ պատանի դարձայ, նոյն անտունին փսփսաց ականջիս.
– Բժի՛շկ եղիր:
Տիկնայք եւ պարոնայք, եթէ կ՛ուզէք գիտնալ, թէ ո՛վ էր այդ անտունին, ըսեմ ձեզի.
Այդ անտունին ե՛ս էի… Կեսարիա ծնած, Ցեղասպանութենէն ազատուելով Լիբանանի հայաշատ եւ հայատրոփ Պուրճ Համուտի Թիրօ կոչուող հիւղաւանը ապաստանած Յարութիւն եւ Մարի Թաշճեանի զաւակը»:
Յետո՞յ…
«Իր նախահայրերէն ժառանգուած շինարարական ընդունակութեամբ, Ցեղասպանութենէն յետոյ, 1920ական թուականներուն, հիմնականօրէն հայրս է, որ կառուցած է Թիրօ թաղի մեր երկյարկանի տունը, որ թէպետ տախտակէ եւ թիթեղէ շինուած, խեղճ ու կրակ տեսքով էր, սակայն մեզի համար պալատի մը արժէքը ունէր…
«Գալով մօրս՝ համեստ, քաջ եւ հպարտ կին մըն էր: Ան զօրավար Անդրանիկի կողմէ «Կապադովկիոյ կորիւնը» հռչակուած բազմարդիւն ֆետայի, Լոռիի, Նախիջեւանի, Զանգեզուրի, Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն ձիաւորներու իր վաշտով մասնակցած, թուրք վայրագ ու թալանչի զօրքերը մահացու հարուածներով պարտութեան ու փախուստի մատնած, առասպելական վաշտապետ՝ Սարգիս Ճէպէճիի (Ճէպէճեան) հարազատ զարմուհին էր: Այն Ճէպէճիին, որ Հաճնոյ հերոսամարտը ղեկավարելով, նոյն մահացու հարուածներով թշնամին մօտ իննը ամիս ահ ու սարսափի մատնելէ եւ մեծ թիւով հաճընցիներու ապահով հեռացումը կազմակերպելէ ետք, հերոսական մահով ինկած էր կռուի դաշտին վրայ՝ վասն կրօնի եւ վասն հայրենեաց»:
Իսկ ինքը՝ հեղինակը, դեռ մանկուց հիւանդին, աղքատին ու անկեալին, մարդկութեան, ազգին ու հայրենիքին ծառայելու, անոնց օգտակար դառնալու տեսիլքը նպատակ դարձուցած, Թիրօ թաղի «Նուպարեան» վարժարանին աշակերտելէ, անոր կից Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին ալ զանգահար դպիրը դառնալէ ետք, կ՛անցնի «Սէն Կրեկուար» ճեմարան եւ կ՛աւարտէ զայն յաջողութեամբ, ստանալով պրովէի վկայականը: «Սէն Կրեկուար»ի մէջ, բացի ֆութպոլէ, կը խաղայ թատերական դերեր՝ «Գինեմոլը» եւ «Կոռնակ» փիեսներուն մէջ:
Երախտագիտութեամբ կը յիշէ հայերէնի եւ ֆրանսերէնի իր անմոռանալի ուսուցիչներ՝ Օննիկ Մշմշեանը, Գրիգոր Ֆէնէրճեանը, Կարապետ Կարապետեանը, Խաչիկ Նազարեանը, Pere Huetը եւ յատկապէս Գէորգ Պաղճեանը (Վազգէն Այգունի): Կարօտով կը յիշէ նաեւ դպրոցական իր ընկերները՝ Վարուժան Գրաճեանը, Անտրէ Երամեանը, Կարօ Թէրզեանը, Յարութիւն Մելքոնեանը, Յակոբ Շամլեանը, Սարգիս Տէմիրճեանը: «Սէն Կրեկուար»էն ետք, օգնութեամբ Վազգէն Այգունիին, կ՛աշակերտէ ֆրերներուն: Մինչեւ այսօր ալ յարգանքով կը յիշէ ֆրանսերէնի իր ուսուցիչ Frere Felix-ն ու տնօրէն՝ Frere Albert des Anges-ը:
1953ին ֆրերներէն Ա. պաքալորէան փայլուն յաջողութեամբ ստանալէ ետք, կ՛անցնի «Լիսէ Ֆրանսէ» եւ 1954ին նոյն յաջողութեամբ կը ստանայ Բ. պաքալորիան՝ պատուոյ յիշատակութեամբ: Ապա մտնելով Լիբանանի Բժշկական համալսարանը, կը ստանայ բժշկական վկայականը, երդուելով, որ կեանքին մինչեւ վերջը հաւատարմօրէն պիտի ծառայէ Հիփոկրատի մարդասիրական սկզբունքներուն:
Լիբանանի մէջ կը ծառայէ «Սէն Թէրէզ», «Ապու Ժաուտէ» հիւանդանոցներուն եւ Ճիպէյլի BBC եւ Ժալ էլ Տիպի դարմանատան մէջ: Ասոնց զուգընթաց, Պուրճ Համուտի Տորա շրջանին մէջ բացած դարմանատունով, իր բազմաթիւ ու բազմաբովանդակ ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է Լիբանանի նախագահ Սուլէյման Ֆրանճիէի կողմէ Արժանեաց շքանշանով՝ Զօրավար Ժամիլ Լահուտի ձեռամբ:
Բժշկութեան առընթեր, եռանդուն մասնակցութիւն բերած է հայ գրական, ազգային-մշակութային կեանքին: Գրած է «Օտարին Զոհը» թատերախաղը, իսկ 1953-1954ին, քաջալերութեամբ Հրաչ Քաջարենցի եւ Գերսամ Ահարոնեանի, «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ գրած է «Ապրիլեան Եղեռնը» եւ «Մեր Նահատակներուն Յարութիւնը» յօդուածները: Իսկ ֆրանսերէնով գրած իր Les Embarras de Beyrouth բանաստեղծութիւնը մինչեւ այսօր ալ կը պահէ իր թարմութիւնն ու գեղեցկութիւնը:
1967ին, յաւերժական սիրոյ փոխադարձ խոստումով բժ. Վարդանը ամուսնութիւն կնքելով իր սիրոյն՝ Մատլէնին հետ, բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Ռաֆֆի եւ Մարիէթ:
1874ին եռանդուն մասնակցութիւն բերած է Հայ բժշկական միութեան կեանքի կոչուելուն, դառնալով գործակից փրոֆ. Երուանդ Ճիտէճեանի, փրոֆ. Անդրանիկ Մանուկեանի, փրոֆ. Յակոբ Գրգեաշարեանի պէս մեծանուն դէմքերուն հետ: Իսկ յետագային տասնամեակներու վրայ տարածուող Հայ բժշկական համաշխարհային համագումարներու գիծով բժ. Թաշճեանին մասնակցութիւնները, Լիբանանէն մինչեւ Գանատա ու Միացեալ Նահանգներ, մինչեւ Փարիզ, Արժանթին եւ Հայաստան ելոյթները, հարցազրոյցները, յօդուածները, վեհափառներ Վազգէն Ա.ի, Խորէն Ա.ի եւ Ալէք Մանուկեանի հետ հանդիպումները, մանաւանդ հատորին կեդրոնական թեման կազմող՝ Քալիֆորնիոյ մէջ անտունիներուն ընծայած աւելի քան 30 տարիներու մարդասիրական, բժշկական անչափելի ծառայութիւններն ու օգնութիւնները՝ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սանթա Պարպարա եւ Սանթա Մարիայի այլ շրջանները, ինչպէս նաեւ անտունիական օգնութեան գիծով այցելութիւնները Մեքսիքա եւ եւրոպական շատ մը երկիրներ: Այս բոլորէն ետք, ժամանակ ալ ստեղծած է բանաստեղծական երկու հատորներ հրատարակելու՝ «Ամենայն Սիրով» եւ «Բժիշկ, Հիւանդ եւ Դեղորայք» վեր-նագիրով: