Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան հասաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Այցելութեան առաջին օրը՝ Երեքշաբթի երեկոյեան, ան այցելեց Այնճար եւ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» ակումբին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան ընկերներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ալպեր Պալապանեան եւ Արմէն Թաշճեան:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զեկուցեց համահայկական աշխատանքներու, Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին: ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ընկերները իրենց կարգին ներկաներուն զեկուցեցին Այնճարի իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան մասին:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Զահլէի «Արամ» կոմիտէութեան ընկերները: