ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ գումարուեցաւ Ծոցի Համագործակցութեան խորհուրդի 40րդ վեհաժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը դարձեալ ընդգծեց, որ Ծոցի երկիրներէն որեւէ մէկուն վրայ յարձակումը բոլորին դէմ յարձակում է, ինչպէս նաեւ նշեց խորհուրդի անդամ երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը սերտացելու կարեւորութիւնը:
Ժողովին ընթացքին, Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորը նշեց, որ Ծոցի շրջանի երկիրները պէտք է միանան՝ «դիմակայելու համար Իրանի յարձակողականութիւնը»:
Ան յայտնեց, որ պէտք է լրջօրէն վերաբերիլ Իրանի հիւլէական եւ հեռահաս հրթիռները զարգացնելու ծրագիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ ապահովելու ուժանիւթի աղբիւրները եւ ծովային անցքերու եւ նաւարկումի ազատութիւնը: