ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբերին, «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ մը՝ ի պատիւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգ ձեռնադրեալ չորս սարկաւագներուն՝ Յարութիւն Օհաննէսեանի, Մելվին Արզումանեանի, Գօգօ Գազանճեանի եւ Վահիկ Եղիայեանի։
Նշենք, որ սարկաւագաց ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած էր Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին՝ ձեռամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Ձեռնարկին ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, ինչպէս նաեւ Մովսէս քհնյ. Շաննաքեան, երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան անդամներ, սարկաւագներ, դպիրներ, ծնողներ եւ հաւատացեալներ։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, որ ներկայացուց սարկաւագները եւ մաղթեց, որ անոնք եւս նախասարկաւագ Ս. Ստեփանոսի օրինակով ընթանան Քրիստոսի ուղիէն եւ իրենց ամբողջանուէր ծառայութիւնը բերեն Հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Ան նոյնպէս երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդական փոխանորդին, որ ութամսեայ ծրագրով եւ յատուկ դասընթացքներով նախապատրաստած էր սարկաւագները՝ անոնց կրօնական գիտելիքներ ջամբելով։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան հիւրընկալներուն՝ տէր եւ տիկին Հրայր սրկ. եւ Աստղիկ Թէճիրեաններուն եւ տէր եւ տիկին Արա եւ Թինա Շապանեաններուն։
Փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդական փոխանորդը, որ կարեւորեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դերը ընդհանրապէս ամերիկահայութեան եւ մասնաւորապէս Կլենտէյլի համայնքի կեանքին մէջ։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, երեսփոխաններ, Հոգաբարձութիւնը, նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագները, դպրաց դասը եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը։ Աւարտին, յանուն թեմի առաջնորդ սրբազան հօր, ան յատուկ վկայագիրներ փոխանցեց չորս սարկաւագներուն, ինչպէս նաեւ դպրութեան նոր կարգ ստացած դպիր Արամ Բաբուխեանին։