ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի համապետական ընտրութիւններուն քաղաքական այլ ուժերու հետ նախագահի համաձայնեցուած թեկնածուով հանդէս գալու՝ եռամսեայ քննարկումներէն ետք, ՀՅԴ Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ՝ որոշեց Արցախի 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ սեփական թեկնածուով, որ պիտի ըլլայ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայանալ առանձին ցանկով:
Որոշումէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴի նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսեցաւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ՀՅԴի նախընտրական ծրագիրի դրոյթներուն մասին, զորս հաստատեց Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովը:
Առանցքային դրոյթներէն է Արցախի հիմնահարցի կարգաւորումը՝ Արցախի սահմանադրութեան 175րդ յօդուածի անվերապահ իրագործումով. սոյն յօդուածը կը սահմանէ հետեւեալը. «Մինչեւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը եւ սահմանների ճշգրտումը, հանրային իշխանութիւնը իրականացւում է այն տարածքում, որը փաստացի գտնւում է Արցախի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան ներքոյ»:
Դաւիթ Իշխանեան այս դրոյթը մեկնաբանեց «Զարգանալ՝ չզիջելով» սկզբունքով, որ Դաշնակցութեան հայեցակարգային մօտեցումներէն է։ «Մեր մօտեցումների հիմնաքարն է, բնականաբար, դրանով պայմանաւորուած է լինելու մեր զարգացումը», ըսաւ ան:
Յաջորդ նպատակը Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքը իրաւապայմանագրօրէն ամրագրելն է: Ի՞նչ ժամկէտով՝ հարցումին, Դաւիթ Իշխանեան պատասխանեց, որ Դաշնակցութիւնը այդ ուղղութեամբ բաւական աշխատանք տարած է, նոյնիսկ Ստեփանակերտի մէջ Հոկտեմբերին կազմակերպած էր համաժողով մը, որուն ընթացքին լուրջ քննարկումներու դաշտ բացուած էր։ «Մասնակցում էին Հայաստանի ներկայ եւ նախկին իշխանութիւնների, քաղաքական տարբեր ուժերի ներկայացուցիչներ եւ այդ համաժողովի նպատակն էր ի մի բերել եւ ճշգրտումներ անել մեր ընդհանուր մօտեցումների մէջ: Կարծում եմ, ժամկէտի մասին խօսելիս, կարող ենք նոյնիսկ ասել, որ ուշացել ենք, թերեւս այդ իրաւապայմանագրային փաստը պէտք է անցեալում կայացած լինէր: Ցաւօք սրտի, այսօր միայն խօսում ենք եւ գործնական քայլերը իրականութիւն չեն դառնում: Հայկական երկու հանրապետութիւնների միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի ստորագրումը առաջիկայում եւս լինելու է մեր օրակարգային հարցերից», ըսաւ Իշխանեան:
Յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն ՀՅԴի նախընտրական ծրագիրի յաջորդ դրոյթը Արցախի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան ընդունումն է: Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ շարք մը կէտեր ՀՅԴն մղած էին 2017ին դէմ քուէարկելու գործող սահմանադրութեան նախագիծին: Իրենք կ՛առաջարկեն ներդնել ամբողջական խորհրդարանական կառավարման համակարգ, համաժամանակեայ ընտրութիւններ, կառավարութեան կազմի առաջադրումը վերապահել խորհրդարանին, ոչ թէ՝ նախագահին եւ այլն:
«Յամենայն դէպս այդ բոլոր լիազօրութիւնները մէկ անձի վրայ կեդրոնացնելը բաւականին լուրջ խնդիրներ առաջացրեց, եւ մենք դէմ քուէարկեցինք սահմանադրութեան այդ նախագծին: Այնուհանդերձ, մենք կարծում ենք, որ 2020ի համապետական ընտրութիւններից յետոյ պէտք է որոշակի նոր մօտեցումներ ցուցաբերուեն, ընդհուպ՝ մինչեւ սահմանադրութեան փոփոխութիւն: Այդ հարցը մենք քննարկել ենք Արցախի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական մի շարք կուսակցութիւների հետ: Որոշների համար դա ընդունելի է. որոշները գտնում են որ, անհրաժեշտութեան դէպքում, դա կարող ենք դարձնել օրակարգային հարց: Բայց մեր տեսակէտն այն է, որ կայ սահմանադրական փոփոխութիւնների անհրաժեշտութիւն, եւ 2020ին համապետական ընտրութիւններից յետոյ պէտք է անդրադարձ լինի սահմանադրութեան փոփոխութեանը», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:
«Ազգ-բանակ» հասկացողութիւնը եւս Դաշնակցութիւնը ներառած է նախընտրական հիմնադրոյթներուն մէջ: Արդեօք այս ձեւով քաղաքական ուժը չառնչուի՞ր նախկին իշխանութիւններուն հետ՝ հարցումին, Դաւիթ Իշխանեան հակադարձեց՝ ըսելով, որ պէտք չէ «նախկին-ներկայ իշխանութիւններ» հասկացողութիւնը մէջտեղ բերել։ «Դեռ 90ականներին մեր յաջողութիւնները պայմանաւորուած էին հենց համաժողովրդական զինուորագրումով եւ բանակային կառոյցների մէջ ներգրաւումով: Այդ սկզբունքը տարբեր ժամանակներում բարձրաձայնել ենք, պարզապէս վերջին տարիներին Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին իշխանութիւների կողմից այդ սկզբունքը որդեգրուեց եւ փորձեցին, որոշ առումով, դնել օրէնսդրական մակարդակի վրայ: Դաշնակցութեան համար այդ սկզբունքը տասնամեակների, անգամ հարիւրամեակների պատմութիւն ունի. եկէք՝ յիշենք 20րդ դարասկզբին Նիկոլ Դումանի եւ այլոց գաղափարական հիմնաւորումները»:
ՀՅԴ Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովի հրապարակած սկզբունքները, ըստ Դաւիթ Իշխանեանի, միասնական օրակարգի այն հարցերն էին, որոնց շուրջ փորձեցին ներքաղաքական համախմբում ապահովել եւ Արցախի նախագահի համաձայնեցուած թեկնածու ունենալ: Բայց քննարկումներու եւ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ որոշեցին սեփական թեկնածու առաջադրել:
«Ժամանակին նաեւ յայտարարել էինք, որ եթէ այդ բոլորը յաջողութիւն չունենան, բնականաբար Դաշնակցութիւնը անճարակ չէ եւ իր մէջ ունի այդ վճռակամութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը՝ հանդէս գալու սեփական թեկնածուով եւ ամբողջական պատասխանատուութեան յայտ ներկայացնելու ապագայ համապետական ընտրութիւններին: Մեր ջանքերը ամբողջական արդիւնք չտուեցին: Թերեւս մենք չենք ափսոսում այդ կորցրած ժամանակի համար, բայց ափսոսանք ենք ապրում, որ չյաջողուեց այդ համախմբումը իրականութիւն դարձնել: Վերջապէս, Դաշնակցութեան որոշումները կայանում են ընդհանուր քննարկումների արդիւնքում: Այսօրուան մեր արտակարգ ժողովում ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացրած զեկոյցի հիման վրայ տեղի ունեցաւ շատ անկաշկանդ եւ բազմակողմանի քննարկում, որի արդիւնքում ժողովը կայացրեց այդ որոշումը», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:
Ան նաեւ նշեց, որ ներկայացուած սկզբունքները ոչ միայն նախընտրական փուլի, այլ նաեւ 2020ի համապետական ընտրութիւններէն ետք, Արցախի զարգացման հիմնական ուղղութիւններն են՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթամշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: