ԶԱՐԵՀ ՄՍՐԼԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, եղբօր եւ հարազատին՝ Զարեհ Մսրլեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2019ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, 51 Commonwealth Ave., San Francisco, ապա թաղումը՝ Cypress Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Լուսիկ Մսրլեան
Եղբայրը՝ Եդուարդ եւ Վերժին Մսրլեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Մսրլեան, Շահինեան եւ Օւաննէսեան ընտանիքները,
հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կամ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» Ազգային վարժարանին։