ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հեղինակած «Քայլող մարդը» քանդակը պիտի տեղադրուի Հիւսիսային պողոտայի՝ Աբովեան փողոցին յարող տարածքին մէջ։ Երեւանի աւագանիի արտակարգ նիստին ընթացքին տրուեցաւ համապաստախան որոշում՝ 47 թեր, 1 ձեռնպահ ձայներով:
Երեւան քաղաքի աւագանիի այս որոշման ընդունման հիմք հանդիսացաւ Երեւանի քաղաքապետին ուղղուած՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան գրութիւնը: Քանդակը ձուլելու եւ կազմելու աշխատանքները պիտի կատարէ նախարարութիւնը։
Արթօ Չաքմաքչեանի ստեղծագործութիւնները տեղադրուած են աշխարհի զանազան քաղաքներու հրապարակներուն վրայ եւ թանգարաններուն մէջ: Վարպետը միշտ երազած է իր ստեղծագործութիւններէն մէկը տեսնել Երեւանի մէջ: