ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Հռոմի Իտալիոյ նախագահական «Քուիրինալէ» պալատին կից գտնուող այգիին մէջ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի հարցումին պատասխանելով յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը:
Նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ անիկա պիտի ըլլայ կիսանդրի: Կիսանդրիին հեղինակը եւ նիւթը տակաւին որոշուած չեն՝ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ արձանը իտալական կողմին պահանջով պէտք է համապատասխանէ որոշ չափանիշներու: Առայժմ յստակ չէ, թէ արձանը Հայաստանի՞ մէջ պիտի պատրաստուի, թէ Իտալիոյ: Աշխատանքներ կը տարուին 2020ին կիսանդրին տեղադրելու ուղղութեամբ:
Կայ նաեւ Միլանի մէջ Կոմիտասի արձանի տեղադրման գաղափարը, որ տակաւին կը գտնուի նախնական քննարկման փուլին մէջ եւ ցարդ յստակ որոշում չկայ։