Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նշեց Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 150ամեակը:
Ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, առաւել քան 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եւ անոր ընկերակցող նուագախումբը, որ կ՛ընդգրկէր ջութակ, քանոն, տուտուկ, դհոլ եւ դաշնակ, հրամցուցին Կոմիտաս վարդապետին ազգագրական աշխատանքին շնորհիւ մեզի հասած հայ մշակոյթի հարստութենէն փունջ մը:
Հայրապետին Հայրապետական թափօրով եկեղեցի մուտքէն ետք, ելոյթը սկիզբ առաւ «Տէրունական» աղօթքով, որուն յաջորդեց բացման խօսքի արտասանութիւն: Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան նշեց, որ թէեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Կոմիտաս վարդապետի երաժշտական երթը ողբերգական ընդմիջում մը ապրեցաւ եւ «սրինգը կոտրեցաւ», սակայն երգը վերապրեցաւ: «Շնորհալի» երգչախումբը եկաւ վերապրեցնելու կոմիտասեան աւանդութիւնները. անոր առաքելութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ երգը կոմիտասեան շեշտով ու շունչով տարածել նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ ու աւելիով մօտեցնել զանոնք հայ երգին ու երաժշտութեան:
Ապա, եկեղեցւոյ փակեալ խորանին առջեւ կանգնած երգչախումբը ունեցաւ իր ելոյթը՝ հնչեցնելով Կօմիտասէն փունջ մը երգեր։
Համերգին աւարտին վեհափառը փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը: Ան ըսաւ, որ անմահանուն Կոմիտաս վարդապետը, երկինքէն լսելով իր դաշնաւորումներուն եւ յօրինումներուն գեղեցիկ ու հարազատ կատարումը՝ պիտի գնահատէր այս երեկոն, որուն ընթացքին «Շնորհալի»ն դարձաւ աւելի շնորհալի: Աստուածաշունչը կ՛ըսէ, որ հողէն կու գանք եւ հող պիտի դառնանք, սակայն գերեզմանէն վեր կը մնան անոնք, որոնք իրենց կեանքը հարստացուցած են արժէքներով, նշեց ան եւ աւելցուց, որ Կոմիտասը պարզ հոգեւորական մըն էր. սակայն, հաւատքով ու հաւատարմութեամբ կենսագործեց իր կոչումը երաժշտական մարզին մէջ: Կաթողիկոսը ըսաւ, թէ մեր երաժշտութիւնը՝ հոգեւոր թէ ազգային, արտացոլումն է մեր ժողովուրդին ներքին ձգտումներուն, տագնապներուն, ինչպէս նաեւ տագնապէն բարձրացող յարութեան հաւատքին. այդ ոգին է, որ Կոմիտասը փոխանցեց նոր սերունդներուն:
Աւարտին, կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երգչախումբին եւ նուագախումբին, որոնց հմտութեան շնորհիւ վերակենդանացաւ Կոմիտասը, եւ վերջապէս՝ ղեկավար հայր սուրբին, որ հակառակ ղեկավարման մասնագիտական ուսում չունենալուն, հետեւողական աշխատանքով կը յաջողցնէ նման հսկայ գործ:
Արդարեւ, յատկանշականօրէն հայրապետը լանջախաչ կրելու իրաւունքը պարգեւեց խմբավար հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճանճեանին, առ ի գնահատանք իրենց տարած աշխատանքին:
Ելոյթը փակուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգով, որմէ ետք առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն: