

ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- «Թրեքս» եղբայրութեան ներկայացուցիչները 20 Նոյեմբերին այցելեցին հայկական երեք վարժարաններ, 1000 տոլարի նուիրատուութեամբ նեցուկ կանգնելով հայապահպանման անոնց առաքելութեան։
Գումարները յանձնուեցան Մեսրոպեան (Մոնթեպելլօ) եւ Արի Կիրակոս Մինասեան (Սանթա Անա) Ազգային վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ Նիւփորթ Պիչ քաղաքին մէջ գործող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շաբաթօրեային։

Նուիրատուութիւններուն մղիչ ուժը եղած է ընկերակցութեան տարեկան ժողովին ընթացքին Շրջանայինի ատենապետ Սթիւ Պետոյեանի առաջարկը, որ գումար մը հաւաքուի՝ նուիրելու համար շրջանի կազմակերպութեանց, իսկ գանձապահ Արա Մալազեան առաջադրած էր գումարնեը նուիրել հայկական վարժարաններուն, նկատի ունենալով անոնց կենսական դերակատարութիւնը։
Ֆրեզնոյի մէջ, 1918ին հաստատուած «Թրեքս» հայկական եղբայրութիւնը ներկայիս 11 մասնաճիւղեր եւ 700 անդամներ ունի եւ ցարդ 80,000 տոլարի նուիրատուութիւններ կատարած է բարեսիրական եւ կրթական նպատակերու, ներառեալ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին։