ՓԱՍԱՏԻՆԱ, ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 6էն 8 Դեկտեմբերի շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ մշակութային բեղուն գործունէութեամբ:
Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբերին, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ Ճափոնի մօտ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դեսպան Տիանա Աբգարի նուիրուած վաւերագրական շարժապատկերի մը ցուցադրութիւնը: Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ ձեռնարկին ներկայ եղաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան: Ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ Ճափոնի գլխաւոր հիւպատոս Աքիրա Մութոյի ներկայացուցիչը:
Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերին, առաջնորդ սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբի 45ամեակի ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ:
Իսկ Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած չորս մեծերու՝ Կոմիտաս վարդապետին, Լեւոն Շանթի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150ամեակներուն:
Առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր սրտի խօսքը, իսկ յանուն առաջնորդ սրբազան հօր՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան փոխանցեց փակման խօսքը: