ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան այցելեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը:
Այս մասին Միրզոյեան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ:
«Այցելեցինք ՊԲ N զօրամաս։ Եւս մեկ անգամ համոզուեցինք, որ զինծառայողների սննդի կազմակերպման նոր համակարգն էական եւ շօշափելի փոփոխութիւն է բերել զօրամասում։ Տեսանք նաեւ զինծառայողների համար ժամանակակից եւ յարմարաւէտ կենցաղային պայմաններ ապահովող վերակառուցուող մասնաշէնքերը։ Բարի ծառայութիւն բոլոր զինուորներին», կը յատնէ Միրզոյեան։