ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկման հետաքննութեան ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր նամակով մը դիմեց Ծերակոյտի ղեկավարութեան, առնուազն 4 վկաներու հարցաքննութիւնը պահանջելով։
Անոնց շաքին են՝ Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնակատար Միք Մալվէյնի եւ ազգային ապահովութեան հարցերու նախագահի նախկին խորհրդական Ճան Պոլթըն:
«Նախագահը ուղղակիօրէն ներգրաւուած է այս հարցին մէջ եւ ակնյայտ է, թէ ինչ պատահած է», ըսաւ Շումըր՝ աւելցնելով, որ Ներկայացուցիներու տան կողմէ նման դիմումներ մերժելու ոչ մէկ արդարացուցիչ պատճառ տրուած է Սպիտակ տունէն։
Դեմոկրատները համոզուած են, որ Թրամփ փորձած է Ուքրանիոյ վրայ ճնշում գործադրել 2020ի ընտրութիւններուն իր հաւանական մրցակիցին մասին վարկաբեկիչ տեղեկութիւններ ապահովելու համար:
«Իմ հանրապետական պաշտօնակիցներէն իւրաքանչիւրը թող մտածէ, որ նախագահը ազգայի՞ն, թէ իր անձնական շահը կը հետապնդէր», ըսաւ Շումըր:
Կ՛ակնկալուի, որ Ներկայացուցիչներու տունը այս շաբաթ պաշտօնապէս ամբաստանէ Թրամփը, որմէ ետք անոր դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ծերակոյտին մէջ։
Վերլուծաբաններ անհաւանական կը նկատեն Թրամփի պաշտօնազրկումը, որովհետեւ Ծերակոյտը հանրապետականներուն հակակշիռին տակ է։