ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ 11 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր», «Մարմարա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեան հարցազրոյց մը տուաւ թրքական «Սապահ» թերթին՝ խօսելով նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման մասին:
Մաշալեան բանաձեւին ընդունման մասին ըսաւ հետեւեալը. «Կան բաներ, որոնք պէտք չէ կարեւոր համարել: Խորհրդարաններու մէջ անընդհատ բանաձեւեր կ՛ընդունուին: Անոնք այնպիսի բաներ չեն, որ մեզի հետաքրքրեն եւ ուղղակիօրէն մեր միջամտութիւնը պահանջեն: Իբրեւ Թուրքիոյ հայեր՝ մեզի ցաւ կը պատճառէ, որ 100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերը այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կ՛օգտագործուին՝ իբրեւ ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական ճնշման միջոց: Մենք կ՛ուզենք, որ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած հարցին մասին այս հողերուն վրայ ապրող մարդիկ խօսին: Յատկապէս կ՛ուզենք, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կարգաւորուին, կողմերը կարենան երկխօսիլ: Որովհետեւ կողմերը իրարու հետ չեն կրնար խօսիլ, խօսելու իրաւունքը կը վերապահուի երրորդ, չորրորդ կողմերուն, ովկիանոսին միւս կողմը գտնուողներուն: Երանի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները հնարաւոր ըլլար կեանքի կոչել, Վիեննայի հանդիպումները իրականացնել, պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողովը հիմնել: Այս բոլորը բաներ են, զորս մենք պէտք է կարգաւորենք: Որովհետեւ այս բոլորը կը յետաձգուին, հետեւաբար հարցը կ՛օգտագործուի իբրեւ լծակ՝ Թուրքիան ճնշելու համար: Այս նպատակով ասպարէզ բերուած «հայկական թէզ»ը այնպիսի զգացողութիւն կը յառաջացնէ, որ մենք պարզապէս կ՛օգտագործուինք: Ասիկա բարոյական չեմ համարեր: Հարցը քաղաքական կողմ ունի: Զայն մեկնաբանելու հարցը քաղաքական գործիչներուն գործն է: Ես քաղաքական գործիչ չեմ: Իբրեւ հայ համայնք՝ մենք ընդելուզուած ենք Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ: Մենք 100 տարի առաջ տեղի ունեցածը յիշելով մոռցանք, մոռնալով կը յիշենք: Ասիկա Պոլսոյ հայ համայնքին ընտրութիւնն է: Մենք ընտրած ենք այստեղ ապրիլ: Եւ այդ հանգամանքը մեզ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն տարբեր կը դարձնէ: Քաղաքական հարցերը, որոնք կը ծաւալին Թուրքիոյ հայ համայնքէն դուրս, կամայ թէ ակամայ մեր վրայ ալ ազդեցութիւն կը ձգեն: Նման հարցերու հրահրումը Թուրքիոյ մէջ, կ՛աւելցնէ ատելութեան խօսքը»:
Նշենք, որ պատրիարքարանի քարտուղարութեան հրատարակած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, որ ընտրեալ պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի գահակալութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 11 Յունուարի յետմիջօրէին, Գումգաբուի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Պատրիարքական անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցուի յաջորդ օրը, դարձեալ աթոռանիստ տաճարին մէջ։
Ամէն սփիւռքահայ հակամէտութիւն մը ունի դատելու Մաշալեան պատրիարքը՝ առանց գիտակցելու, թէ նախ շատ դժուար է մարդ դատել, մանաւանդ առանց գիտակցելու, թէ որքան դժուար պայմաններու մէջ կը գործէ պատրիարքը, որ թրքական ովկիանոսին մէջ կաթիլ մըն է: Իմ կարծիքս է, որ պէտք չէ կառչինք մանրուքներու, թէ ի՛նչ կ’ըսէ Մաշալեան, այլ նկատի ունենալ անոր դրական արտայայտութիւնները, մանաւանդ երբ կ’առաջարկէ, որ երկխօսութիւն յառաջանայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, եւ այս երկխօսութեան ճամբով գտնուին լուծումները: Այսքանը հրապարակաւ արտայայտելը եւ այս յստակութեամբ՝ բաւական քաջութիւն կը պահանջէ:
Ամէն պարագայի, պէտք է նեցուկ կանգնիլ պատրիարքին, անտեղի քննադատութիւններով չնուաստացնել զայն: Չմոռնանք, անոր դիմաց թուրքն է եւ թուրքին հետ է որ ան լեզու պիտի գտնէ: