ՌՈՒԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Հայոց կեանքին մէջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, 2019ը յատկանշուեցաւ իբրեւ յոբելենական տարի, երբ կազմակերպուեցան իւրայատուկ ձեռնարկներ, որոնց ընդմէջէն մեծարուեցան 1869ին ծնած չորս հայ հանճարները՝ Լեւոն Շանթ, Կոմիտաս վարդապետ, Յովհաննէս Թումանեան եւ Երուանդ Օտեան:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը 2019ի իր եզրափակիչ հանդիսութեամբ, Կիրակի, 8 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ մեծարեց չորս հանճարեղ յոբելեարները:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ կոմիտեներու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, մշակութասէր հայորդիներ եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին պատկանող ընկեր-ընկերուհիներ:
Գրադարանի բեմը եւ սրահը յարդարուած էին օրուան խորհուրդին համահունչ պատկերազարդ պատառիկներով. բեմին վրայ էին գիրքերէ նմուշներ եւ դիմանկարները յոբելեարներուն, նաեւ հայ մշակոյթը խորհրդանշող գորգեր, իրեր, ծաղկեփունջներ, որոնք «Վերնատուն»ը կը խորհրդանշէին:
Յայտագիրին գործադրութենէն առաջ, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ 31 տարիներ առաջ Հայաստանը հարուածած երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ կոմիտասեան «Հայր Մեր»ի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, երգեցողութեամբ՝ Համազգայինի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղի միամեայ կեանք ունեցող «Արփա» երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ դոկտ. Էլիպս Մասեհեանի:
Հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Սեդա Գրիգորեան, որ փոխանցեց վարչութեան խօսքը՝ նշելով, որ 1869ին, հայ ստեղծագործ ոգին հայ ազգին համար եղաւ սրբօրէն բեղուն ու օրհնաբեր, երբ նոյն տարին աշխարհ եկան չորս հանճարներ՝ թատերագիր Լեւոն Շանթ, երգիծաբան Երուանդ Օտեան, բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, երաժշտագէտ Կոմիտաս վարդապետը: «Քառագագաթ հայ հանճարին նուիրուած այս հանդիսութեամբ մենք մեզ բախտաւոր կը զգանք, որ այսօր միասնաբար կը տօնենք չորս մեծերուն ծննդեան 150րդ տարեդարձները եւ մեր խոնարհումը կը բերենք անոնց վաստակին ու մեզի աւանդ թողած մշակութային արժէքներուն», ըսաւ ան:
Առաջին հերթին ներկայացուեցաւ Համազգայինի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթը: Մոնթրէալէն յատուկ այս ձեռնարկին համար հրաւիրուած բանաստեղծ, գրաքննադատ, «Բագին» գրական հանդէսի խմբագիր եւ բազմամեայ ուսուցիչ Յարութիւն Պէրպէրեան հաղորդական ձեւով ներկայացուց «Լեւոն Շանթ՝ բարձունքներու խուզարկուն» նիւթը, սահիկներու ցուցադրութեամբ, հանգամանօրէն անդրադառնալով թատերագիր, արձակագիր, մանկավարժ, ազգային գործիչ, Համազգայինի հիմնադիր, Ճեմարանի հիմնադիր տնօրէն Շանթ մարդուն եւ խորհրդապաշտ գրողի անհատականութեան եւ արուեստի իւրայատկութիւններուն: Բանախօսը հիմնական հարցադրումներով պատկերեց Շանթի կեանքի ճանապարհային քարտէսը՝ Սկիւտարի ճեմարանէն Գէորգեան ճեմարան, ապա անդամ՝ Թիֆլիսի «Վերնատան», քաղաքական գործիչ՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, յետոյ Սփիւռք եւ Ճեմարան: Շանթեան ստեղծագործութիւններուն առանցքային կողմերը ցոյց տալով, Պէրպէրեան թուեց յատկանշականները եւ արեւմտահայ թատերագիրին կեանքին կապուած հետաքրքրական մանրապատումներով հարստացուց իր խօսքը, ապա Շանթի մանկավարժական գործունէութիւնը եզրափակեց Գրիգոր Շահինեանի բնութագրումով. «Ճեմարանը Շանթն է, Շանթը՝ Ճեմարան»՝ ընդգծելով, որ Շանթ երեւոյթին յատկանիշները եղած են՝ անսպառ կամքը, պատասխանատուութեան զգացումը, ստեղծագործական կարգապահութիւնը եւ մարդկային ազնիւ ձգտումները, նշելով, որ «բարձունքներու խուզարկու»ն իտէալապաշտական իր բարձունքին կը հասնէր «Հին Աստուածներ»ով:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, որ մեծապէս գնահատեց Համազգայինի կազմակերպած յոբելենական հանդիսութեան եզակի, լուսաւոր, փառապանծ ձեռնարկը, նշելով, որ յոբելեարները մեծութիւններ են, որոնք կանգուն են՝ որպէս քառագագաթ հայ հանճարներ եւ կարմիր գիծ մը անցուց Արագած լերան չորս գագաթներուն միջեւ, ուր Լուսաւորչի կանթեղը առանց պարան կախուած է Արագածի կատարին, կը վառի երկար դարեր եւ լոյս կը սփռէ աշխարհին:
Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր հայ քաղաքական երգիծավէպի հիմնադիր Երուանդ Օտեանին, որուն կեանքին եւ արուեստին հետ հաղորդուելու համար ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս, գրականագէտ, դոկտ. Սամուէլ Մուրատեան ներկայացուց Օտեան մարդը՝ իր ժամանակին մէջ: Մուրատեանի խօսքը համեմուած էր մանրապատումներով, որոնք շահեկան ըլլալէ անդին կը յայտնաբերեն երկրէ երկիր շրջագայած, Տէր Զօր աքսորուած եւ բախտով ազատած մեծ մարդասէրին նկարագրային առանձնայատկութիւնները, ընկերային եւ քաղաքական երգիծանքը: Օտեան՝ Պարոնեանի նման լուրջ ու տրտում խորք մը կրելով հանդերձ իր հոգիին մէջ, հայ գրականութեան էջերուն կը ներկայանայ իբրեւ սրամիտ երգիծաբան եւ եռահատոր իր «Փանջունի»ով կը հանդիսանայ հայ քաղաքական երգիծավէպի հիմնադիրը, շեշտեց դասախօսը՝ ընդգծելով, որ Օտեան ամէնէն առատ արտադրող հրապարակագիրը եւ գրողն է մեր մէջ։ Յակոբ Օշականի բնութագրումով՝ «միայն Երուանդ Օտեանն է, որ յաջողեցաւ «մամուլ» կոչուած հրէշին երախը լեցնելու անկարելի հրաշքը գործել»: Ապա հեղինակին «Ընկեր Փանջունին Ի Ծապլվար» գործէն դրուագ մը ցուցադրուեցաւ, Համազգայինի Լիբանանի «Արեգ» երիտասարդարդական խմբակի խաղարկութեամբ (բեմադրիչ՝ Յասմիկ Թաշճեան Պէրթիզլեան): Փանջունիի կերպարը, Օտեանի յերիւրած յեղափոխական գործիչը ըլլալով հանդերձ, շատ մը կողմերով կը պատկանի մարդկութեան մեծ ընտանիքին՝ ըլլալով մարմնացումը կեղծ ու լպիրշ, խաբեբայ ու շահամոլ այն գործիչներուն, որոնք Փանջունիին իսկ օրինակով՝ «քանդելու բերկրանքը» կ՛ապրին բոլոր ժամանակներու մէջ, «կառուցելու տաժանքը» վերապահելով յաջորդ սերունդներուն:
Իւրաքանչիւր յոբելեարի ինքնաբնութագրման ձեւին դիմելով՝ Սեդա Գրիգորեան հեզասահ անցումներով գործադրեց յայտագիրը: Գեղեցկօրէն ներկայացուեցան կոմիտասեան նուագներ՝ ջութակահար Անճելա Ամիրեանի կատարողութեամբ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յարութիւն Սենեքերիմեանի:
Յայտնենք, որ ժամանակի խնայողութեան նկատառումով, Շրջանային վարչութիւնը հրապարակած էր հանդիսութեան յայտագիր-գրքոյկ մը, որուն մէջ զետեղուած էին չորս յոբելեարներուն կենսագրական բնորոշ գիծերը, որպէսզի կարելի ըլլար երկու ժամուան տեւողութեամբ լաւագոյնս մեծարել հանճարները՝ առաւելաբար ծանրանալով անոնց արուեստին ու աւանդին վրայ:
Յայտագիրին երրորդ բաժինով հանդէս եկաւ բանասէր Ժագլին Աւագեան եւ բանախօսեց «Թումանեանն է Անհաս Արարատը, մեր նոր քերթութեան» թեմայով. ան վեր առաւ ամենայն հայոց բանաստեղծին գրական, ստեղծագործական ուրոյն յատկանիշները՝ բանաստեղծութեան ու արձակի կալուածներուն մէջ, միաժամանակ ուրուագծելով Թումանեան հասարակական գործիչին եւ մեծաշնորհ թարգմանիչին կերպարը: Վերլուծական իր խօսքին մէջ Աւագեան կանգ առաւ Թումանեանի նշանաւոր բանաստեղծութիւններուն, պոէմներուն, հեքիաթներուն, քառեակներուն արժէքներուն վրայ, ներկայացնելով Թումանեանի ժամանակաշրջանի հայ գիւղն ու գիւղացին՝ իր կենցաղով, հաւատամքներով, նախապաշարումներով եւ ժամանակի ոգիով, «Անբախտ Մարոն», «Լորեցի Սաքոն» իրենց ճակատագրերով եւ բնութեան ու հաւատալիքներու բացասական անդրադարձով, ընկերային կեանքի ախտերը՝ անարդար աշխարհի դէմ գիւղացիին բողոքով, «Անուշ»ը՝ իբրեւ նահապետական ընտանիքի աւանդապահութիւն, մինչ «Հայրենիքիս Հետ»ը՝ իբրեւ հայոց խտացեալ պատմութիւն, եւ այլն: Աւագեան իր խօսքին մէջ պատկերեց Թումանեան մարդուն եւ ստեղծագործութեանց զուգընթաց յարակցութիւնը՝ աշխարհի ու հայ կեանքի քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւններու ֆոնին վրայ եւ թումանեանական հանճարի հանրագումարը նկատեց անոր «Քառեակներ»ը, որոնք ժամանակակից հնչեղութիւն ունին մինչեւ օրս եւ անմահութեան դափնիով կը պսակեն իրենց հեղինակը:
Հանդիսութեան վերջին բաժինով ներկաները ըմբոշխնեցին Կոմիտասի երաժշտական հանճարը՝ Համազգայինի «Արփա» երգչախումբին կատարողութեամբ՝ առ ի մեծարումն երաժշտագէտ, յօրինող, Կոմիտաս վարդապետին, որ ինքզինք բնութագրած է հետեւեալ բառերով. «Երգիչի կարողութիւններս մէկ նպատակի կը ծառայեն. իմ մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը սկզբնական դարերէն ի վեր ունեցեր է իր երգն ու երաժշտութիւնը»:
Արդարեւ, «Արփա»ն իր 14 մասնակցողներով, խմբերգներու եւ մեներգներու շարքով լաւագոյնս մեկնաբանեց Կոմիտասի յօրինումները, որոնք հայ ազգին հետ պանծացուցին նաեւ անոր մինուճար, եղերաբախտ ու հանճարեղ զաւակը՝ անմահ Կոմիտասը: Երգչախումբը կը խմբավարէր դոկտ. Էլիպս Մասէհեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսինէ Դաւթեանի եւ մասնակցութեամբ տուտուկահար Ռուբէն Յարութիւնեանի:
Որոտընդոստ ծափահարութիւններու աւարտին, Գրիգորեան հրաւիրեց Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը՝ իր սրտի ու եզրափակիչ խօսքը փոխանցելու: Քահանայ հայրը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնները եւ բարձր գնահատանքը յայտնեց Համազգային Շրջանային վարչութեան, որ կը շարունակէ ծառայել հայ ազգի մշակութային դարաւոր երթին: Իր խօսքին ընդմէջէն, ան շեշտեց, որ հայ մշակոյթը եղաւ լաւագոյն փարոսը եւ հայ ինքնութեան գոյատեւման ամուր գրաւականը: Ընդգծելով «Արփա» երգչախումբին ելոյթը՝ տէր Ղեւոնդը նշեց, որ կոմիտասեան երգերը մեր ազգի «Անլռելի Զանգակատուն»ն են: «Երաժշտութիւնը՝ հայ հոգիի ու միտքի միաձոյլ արգասիքն է. այսօր մենք ականատես եղանք այդ հրաշքին», ըսաւ ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, օրուան դասախօսներուն, ելոյթ ունեցողներուն եւ մասնակցողներուն. հուսկ՝ ան «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը: