ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ եւ շրջանի երիտասարդական, արհեստավարժներու եւ ուսանողներու կազմակերպութեանց համագործակցութեամբ, Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ապագայ գործարարներու նուիրուած խորհրդատուական իւրայատուկ հաւաք մը, առաւօտեան ժամը 9։30էն կ.ե. ժամը 3։
Առաւել քան 150 ապագայ գործարարներ իրենց մասնակցութիւնը բերին հաւաքին, արժէքաւոր տեղեկութիւններ ստանալով զանազան ոլորտներ ներկայացնող մասնագէտներէ եւ ծանօթանալով տարբեր մարզերու գործունէութեանց ծալքերուն։