ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ իրաւապահ մամինները 17 Դեկտեմբերին ձերբակալեցին Մուշ նահանգի Պուլանըխ քաղաքի քաղաքապետ Ատնան Թօփչուն եւ անոր օգնականը, ինչպէս նաեւ Մուշի Վարթօ քաղաքի քաղաքապետ Ուլքու Քարաասլանը եւ անոր օգնականը: Պաշտօնատարները անդամ են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը նոյն օրն իսկ Քարաասլանը եւ անոր օգնականը պաշտօնանկ ըրաւ:
Յիշեցնենք, որ թրքական իշխանութիւնները բազմաթիւ քրտամէտ քաղաքապետներ պաշտօնազրկեցին, անոնց փոխարէն նշանակելով Անգարայի կամակատարներ։