Կանչեցի բջիջային հեռաձայնիդ, ենթադրելով, որ Մարի Թամարին քով կրնայ ըլլալ, որպէսզի ցաւակցութիւններս յայտնեմ, ոչ ոք պատասխանեց, փորձեցի ձեր տունը կանչել՝ մտածելով, որ բոլորը հոն հաւաքուած կրնային ըլլալ, ի վերջոյ, ո՛ւր պիտի երթային եթէ ոչ ձե՛ր տունը, քու եւ Միսաքին շինած տունը, որ Ամերիկայի մէջ ըլլալով հանդերձ, կրցած էիր այն վերածել հիւրընկալ ու ջերմ հայու օճախի: Երկար զանգելէ ետք, յուսահատ տեղը պիտի դնէի ընկալուչը, երբ յանկարծ հնչեց ուրախ ու զուարթ ձայնդ. «Հաճեցէք ձեր անունը եւ հեռաձայնին թիւը ձգել, որ վերադարձիս կանչեմ ձեզ»՝ ժապաւէնին վրայ արձանագրուած: Այնքան ցնցուեցայ, կարծեցի Մարի Թամարը կամ եղբայրներդ պիտի պատասխանեն, սակայն կենդանի ձայնդ առաւ զիս իր ալիքներուն մէջ եւ տարաւ… հին օրերուն:
Մանկութեան ամենավաղ ժամանակներէն ընկերներ եղած էինք, ապրած միեւնոյն թաղին մէջ եւ մեծցած թաղին ներարկած ազգային, մշակութային աւանդութիւններով, ապրումներով եւ յոյզերով: Յաճախեր էինք միեւնոյն դպրոցը՝ Ճեմարան, ապա նոյն երկրորդականը՝ «Դարուհի Յակոբեան», եւ միեւնոյն համալսարանը՝ Պէյրութի Աղջկանց գոլեճ: Ապրեր էինք մանկութեան ուրախ եւ խենթ օրերը, կը յիշեմ երազներ, որ միասին հիւսեր էինք, սէրեր, որ բաժներ էինք, ուրախութիւններ, որոնք կիսեր էինք եւ խիզախ պատանեկան տենչեր, որ միայն ու միայն մերը եղած էին, մինչեւ այն օրը, որ որոշեցիր մեկնիլ Ամերիկա:
Ես մնացի Լիբանան եւ դուն մեկնեցար Ամերիկա՝ ամուսնանալու Միսաքին հետ, 1972-73 թուականներուն պէտք է ըլլար: Սկզբնական տարիներուն նամակագրութիւնները յաճախակի էին, եւ սակայն զաւակներու բազմացումով, կեանքի պարտաւորութիւններու կուտակումով եւ օրուան հեւքին պատճառած յոգնութիւնէն, նամակագրութիւնները վերածուեցան հեռաձայնային խօսակցութիւններու, այդ ալ ընդհանրապէս մասնաւոր առիթներով: Սակայն ո՛չ ժամանակը եւ ոչ ալ հեռաւորութիւնը մեզմէ խլեցին ջերմութիւնն ու սէրը, որ ունէինք իրարու հանդէպ: «Քոյրիկ չունիմ եւ ես քեզ քրոջ մը պէս կը փնտռեմ», պիտի ըսէիր ամէն անգամ որ ուշանայի կամ թերանայի հեռաձայնելու, գրելու կամ տեսնուելու:
Այս տողերը այլեւս երբէք պիտի չհասնին քեզ, եւ կարդալէ ետք երբէք պիտի չըսես՝ «այնքա՜ն կարօտցեր էի»:
Սակայն կը գրեմ ու կու տամ հովին, թերեւս հովերը փսփսան ականջիդ…
Կապուտաչեայ ու խարտեաշ մազերով շատ սիրուն աղջիկ մըն էիր, բոլորին կողմէ սիրուած ու փնտռուած: Պարզ եւ ուրախ, բարի ու անոխակալ, անսահաման հիւրասէր ու առատաձեռն, պատրաստակամ ու ծառայասէր: Առաքինութիւններու փունջ մը, որ ժառանգած էիր վանեցի ծնողներէդ, պրն. Գուրգէնէն ու տիկին Հերմինէէն, երաժշտասէր ընտանիք մըն էիք, թաղին մէջ միակը, որոնց տունը վերածուած էր երաժշտական վայրի, հայրդ՝ իր ջութակով, իսկ դուն՝ դաշնակ նուագելով կը ստեղծէիք ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտ մը: Բոլորս կը հիանայինք ճարտար մատներուդ, որոնք զարմանալի ճկունութեամբ ու արագութեամբ կը սահէին ստեղներուն վրայ, ստեղծելով հոյակապ երաժշտութիւն մը: Ի՜նչ հազուագիւտ երեւոյթ եւ առանձնաշնորհում էր դաշնակ նուագել այդ օրերուն: Կը բերէինք ազգային հայրենասիրական երգերու նօթագրուած երգարանը եւ կը նուագէիր ու մենք խանդավառ՝ կը ձայնակցէինք, հրաշալի երաժշտական տօնահանդէսի վերածելով պահը:
Տակաւին աշակերտական տարիներէն հմայուած էիր հասարակական կեանքով եւ ներգրաւուեցար անոր մէջ, ըլլալով զաւարեանական, աւելի ուշ ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ, եւ տուիր առանց պայմանի ու սրտաբուխ, մնալով հաւատարիմ քու պաշտած իտէալներուդ՝ հայրենիքին ու հայութեանը:
Հարուստ էր հոգիդ ու լեցուն սիրով, սիրտով ապրեցար ու սիրտով տուիր ու բոլորը սիրեցին քեզ ու փնտռեցին ներկայութիւնդ:
Իսկ մայրի՜կդ՝ տիկին Հերմինէն, քնքոյշ, անհունօրէն բարի, ներողամիտ ու ազնուական ու անզուգական տիկին Հերմինէն, որ երբէք չ՛այլակերպեցաւ իր կերպարին մէջ: Մնաց միշտ միեւնոյն ժպտուն, հիւրասէր ու պատուական տանտիկինը, մայրը, կինը, որ եղաւ իր կեանքին ընթացքին: Ինչպիսի՜ ջերմ ու աղուոր յիշատակներ կ՛ամփոփուին իր անուան շուրջ, որ անառարկելիօրէն հայ կնոջ կատարելութեան տիպարը կը պարզէ: Այնքան դրուագներ կան իրեն հետ կապուած, որ մինչեւ օրս կը յիշեմ. «Սեդա, ճանի՛կս, ամէն օր, ամէն ժամ պիտի կրկնես, պիտի յիշեցնես, որ այս երիտասարդները օտար ամուսնութիւն չ՛ընեն, եթէ չխօսիս, չեն գիտէր, կ՛երթան ուզածնին կ՛առնեն, պիտի յիշեցնես, որ իրենք հայ պէտք է առնեն»: Յիշեցումներ եւ մայրական յորդորներ, որոնք մեր մանկութեան պատանի հոգիներուն վրայ տաղեց անջնջելի կերպով, ինք հանդիսանալով տիպարը այդ յորդորներուն, իբրեւ լաւագոյն դաստիարակիչ օրինակը: Ընտանիքը, զաւակները եւ հայութիւնն էին իր ամբողջ աշխարհը, որ պահեց անաղարտօրէն ամբողջ կեանքին ընթացքին: Այսպէս էր մեր թաղը, մեր մեծ Ընտանիքը, ուր զաւակները բոլոր մայրերունն էին ու մայրերը՝ բոլորի զաւակներուն մայր:
Մղոններով հեռու էր, եւ տասնամեակներով անգամ մըն ալ չտեսայ զինք, սակայն մեր կեանքին վրայ իր ունեցած դրոշմը մնաց եւ որպէս յուշարար, պահապան հրեշտակի նման յայտնուեցաւ այն ատեն, երբ պարագաները ստեղծուեցան:
Սիրելի Հուրիկ, եղար մօրդ կրկնօրինակը եւ շինեցիր Միսաքին նաեւ այն տունը, ուր դուն ապրած ու շէնցուցած էիր: Ստեղծեցիր նոր կեանքդ՝ բարեկամներու եւ հարազատներու առջեւ միշտ բաց պահելով դուռդ՝ քու սիրտիդ պէս: Առատ եղան ճաշի սեղաններդ քու սիրոյդ պէս, շէն եղաւ տունդ՝ քեզի պէս: Ուրախութիւնդ եղաւ ճառագայթող, եւ շռայլեցիր վարակիչ ժպիտովդ:
Հրաշալի եւ իմաստուն մայր ու կին դարձար եւ ապա՝ մեծ մամա: Թոռնիկներդ շուրջդ, ներողամտութեան, գորովանքի եւ անսահման սիրոյ աշխարհ մը ստեղծեցիր անոնց համար: Մայրութեան հրաշալի տիպարը կերպարանաւորեցիր քու ինքնաբուխ ու անսահման սիրովդ:
Բայց կեանքը անխնայ իր հարկադրանքներով քեզ դրաւ նոր ու դժուարին ստիպողութիւններու առջեւ, որ միեւնոյն ժպիտով ամենածանր պահերը անգամ կարողացար լեցնել զուարթախոհ բնաւորութեամբդ: Վերադարձար կեանքին ու Աստուծոյ եւ ոգեկան աշխարհի պարգեւած իմաստութեամբ գալիք օրերուն նայեցար աւելի խորունկ ու աւելի թափանցող աչքերով եւ համբերութեամբ ու սիրով տարիր դժուար օրերը:
Եւ երբ պարտականութիւններդ աւարտած ծնողքիդ, ամուսնոյդ հանդէպ, քիչ մը հանգիստ պիտի ընէիր, եկաւ կեանքի անակնկալ հարուածը չսպասուած պահու մը եւ հարուածեց քեզ եւս ու անցաւ: Ո՛չ ոք բացառուած է բնութեան օրէնքէն, թէ ե՛րբ պիտի հնչէ իւրաքանաչիւրիս ժամը, թող Աստուած ողորմածութեամբ տնօրինէ եւ մեզ մեղաւորներուս բարեհաճութեամբ խնայէ:
Հուրիկ ջան, ամէն եկողի-գացողի հետ լուր մը, նամակ մը կամ նուէր մը պիտի ղրկէիր, իսկ տօնական օրերուն հեռատեսիլին առջեւ նստած պիտի կարօտով դիտէիր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ծնունդի կամ Զատկուայ արարողութիւնները եւ ժխորին մէջ փնտռէիր սիրելի ու ծանօթ դէմքեր եւ պիտի հեռաձայնէիր գիշերը ըսելու համար, որ տեսած էիր զիս կամ ուրիշ մը եւ հետեւած մեզի հեռուէն: Հեռու էիր Լիբանանէն, բայց երբէք չբաժնուեցար անկէ, մեր հասարակական կեանքին ելեւէջներով տրոփեց հոգիդ, եւ ջերմութիւնդ առիր Լիբանանէն եկող այցելուներու լուրերով մեր գաղութի կեանքին մասին:
Ոչինչ կրնամ ղրկել մեկնողներուն հետ փոխադարձելու սէրդ, բայց կրնամ հաստատ ըսել, որ բոլոր ծաղիկներուն նման, որոնք օր մը բացուեցան այս աշխարհին ու իրենց գեղեցկութեամբ հմայեցին զիրենք դիտողները, դուն եւս պարգեւեցիր հիացմունքի, հմայքի եւ սիրոյ սքանչելի պահեր շրջապատիդ, որուն մէջ ապրեցար ու շէնցուցիր: Անոնք երբէք պիտի չկարենան մոռնալ քեզ, որովհետեւ ժառանգեցիր աւանդութիւններու հարստութիւն մը մեր պատմութեան խորերէն եկող, որ ինքդ ժառանգած էիր ծնողներէդ: Մեր ծնողները, հեռու հայրենի հողին ներարկած բնական աւիշէն, ամէն ճիգ ըրին տալու այն, ինչ որ յափշտակուեր էր, հոն էին թողեր եւ որպէսզի չկորսուի գալիքը, տուին իրենց միտքէն, հոգիէն, իրենց ամբողջ ունեցուածքը՝ ազգային ժառանգութիւնը ի գին ամէն զոհողութեան, տուին որ պահուի եւ շարունակուի աւանդութիւնը Վանին ու վանեցիին: Դուն եւս ժառանգեցիր միեւնոյնը քու զաւակներուդ:
Տարիները անցան, մենք իրարմէ հեռու, բայց մեր սէրն ու բարեկամութիւնը մնացին ամուր ու վճիտ՝ մեր մանկութեան անմեղ օրերու անխարդախ սիրոյն պէս:
Թող այս խօսքերը իբրեւ ծաղիկներ նետուին անհունին մէջ ու զարդարեն ժպտուն դէմքդ յաւերժօրէն:
Քոյդ՝ ՍԵԴԱ ԽՏՇԵԱՆ
30 Նոյեմբեր 2019
Պէյրութ