ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Կոտայքի մարզի Սարալանջ համայնքին մէջ բնակող Խաչատրեաններուն համար Ամանորեայ հրաշքը արդէն իրականութիւն դարձաւ, 20 տարի քայքայուած եւ ժանգոտած վակոն տնակին մէջ ապրելէ ետք, ընտանիքը վերջապէս տեղափոխուեցաւ քարաշէն տուն:
Արմէն Խաչատրեան իր երիտասարդութեան զգալի մասը անցուցած է այս հարցը լուծելու պատասխանատու բեռան տակ: Նորաստեղծ ընտանիքին հետ նախ ապրած է հայրական տան մէջ: 22 հոգիով փոքրիկ տան մէջ ապրելու անյարմարութիւնը եւ այլընտանքի բացակայութիւնը ստիպած են քայլերու ձեռնարկելու, ուստի ան ընտանիքին հետ տեղափոխուեցաւ մետաղական տնակ ու միաժամանակ սկսաւ տուն կառուցել: Բայց եւ այնպէս ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառով, առողջական հարցերու բերումով՝ բնակարանը մնացած է հիմերուն վրայ։
«Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»ի կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրի ծիրին մէջ, Խաչատուրեանները արդէն այսօր բնակարան ունին՝ ամէն տեսակ յարմարութիւններով օժտուած։
2019ին այս ծրագիրէն օգտուած են 46 ընտանիքներ: Ընդհանուր առմամբ, տարիներու համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք կատարուած է մօտ 502 միլիոն դրամի ներդրում: 2007էն ի վեր լուծուած է 208 ընտանիքերու տան հարցերը: