ԱԹԷՆՔ.- Արդէն երրորդ տարին ըլլալով, Յունաստանի Երկոտասնեան կղզեխումբի Ռոտոս կղզիին վրայ, ձեռնարկներու շարք մը իրականացաւ, նուիրուած Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Միջազգային Օրուան:
ՄԱԿի համաշխարհային օրացոյցին վրայ 9 Դեկտեմբեր թուականի նշումը՝ իբրեւ «Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օր» ընդունուած է աշխարհի մէջ: Թուականը պատահական չէ. անիկա կը խորհրդանշէ 9 Դեկտեմբեր 1948 թուականը, որ ՄԱԿի համաձայնագիրի հիման վրայ՝ Ցեղասպանութիւններու յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի որոշումի ընդունման օրն է, Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառեզրի իրաւական բնութագրումով:
Այս առիթով, իւրայատուկ էր այս տարուան նախաձեռնութիւնը, որ իրագործուեցաւ Ռոտոսի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի Ռոտոսի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղին, Ռոտոսի կիպրացիներուն, Ռոտոսի պոնտական «Տիղենիս Աքրիթաս» եւ Փոքր Ասիական միութիւններուն:
Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբերին, Ռոտոսի դպրոցական աշակերտներուն համար տեղի ունեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն՝ նուիրուած օրուան նիւթին, որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց պատանի աշակերտներուն մօտ: Ցուցադրուեցաւ երեք ժողովուրդներուն պատմութեան վերաբերող ժապաւէններու շարք մը, ապա յաջորդեցին զրոյցներ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ կազմակերպիչ մարմինին անդամներուն միջեւ:
Միւս կողմէ, քաղաքական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ռոտոսի «Նեսթորիտիօ» մշակութային սրահին մէջ, ներկայութեամբ կղզիի քաղաքապետական եւ քաղաքական մարմիններու անդամներու եւ սրահը լեցուցած ժողովուրդին: Կազմակերպիչ մարմինին կողմէ բացումը կատարեց Ռոտոսի Կիպրացիներու միութեան նախագահ Եորղոս Սիմէոնիտիս, որ յայտնեց, թէ Հայկական եւ Պոնտական ցեղասպանութեանց ուրացման՝ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, ճշմարտութենէն խուսափելու իր շարունակական ճիգը՝ անհանդուրժելի է միջազգային մարդկութեան կողմէ:
Նոյն դահիճին դէմ՝ երեք ժողովուրդներուն ազգային դատին ու պահանջատիրութեան վերաբերող եւ միացեալ ջանքերով յա- ջողուած այս ձեռնարկը, ցոյց տուաւ, թէ հայերու եւ պոնտոսցիներու ցեղասպանութիւններու ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, մարդկային իրաւանց յարգումի՝ համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող հարց է:
Օրուան հիւր բանախօսն էր Յունաստանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Քիրիաքոս Քենեվէզոս, իսկ նիւթին մասին իրենց մօտեցումները եւ վերլուծումները պարզեցին փորձառու լրագրող Փանտելիս Սավիտիս եւ փորձագէտ ու հրատարակիչ Սավաս Գալենտերիտիս: Համադրումը կատարեց Եգէական համալսարանի Միջերկրական ուսմանց դասախօս Եորղոս Մարիս:
Ողջոյնի խօսք ուղղեց Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ շնորհաւորեց ձեռնարկներուն կազմակերպման նախաձեռնութիւնը եւ կարեւոր համարեց երեք միութիւններուն համագործակցութիւնը, որ տարուէ տարի կ՛ամրանայ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Յուլիանա Մանուկեան եւ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Խաչիկ Խաչատուրեան: Շնորհաւորական գրութիւններ ղրկած էին Յունաստանի զբօսաշրջութեան փոխնախարար Մանոս Քոնսոլաս եւ երեսփոխան Միքա Իաթրիտի:
Երեք հրաւիրեալ ականաւոր անձնաւորութիւնները անդրադարձ կատարեցին Եւրոպական Միութեան դերակատարութեան եւ անոր ուժին, ինչպէս նաեւ այլ ուժերու համեմատութիւններուն միջեւ, վերլուծելով արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերը եւ երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց փոխազդեցութիւնները:
Կիրակի, 16 Դեկտեմբերի առաւօտեան, «Էվանկելիսդրիա» Մայր տաճարին մէջ, Ռոտոսի մետրոպոլիտին հանդիսապետութեամբ, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Հայոց եւ Յունաց ցեղասպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ թրքական ներխուժման ու գրաւման հետեւանքով զոհուած անմեղ անձերու հոգիներու յիշատակին:
Օրուան խօսքը ուղղեց Յունաստանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Քիրիաքոս Քենեվէեզոս: Ներկայ էին Յունաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչը՝ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Մանոս Քոնսոլաս, Հարաւային Եգէականի փոխմարզպետը, Ռոտոսի փոխքաղաքապետը, ծովային-ցամաքային-օդային զինուած ուժերու զինուորականներ եւ ոստիկանական ուժերու պետը: Ներկայ էին նաեւ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը եւ Ռոտոսի Համազգայինի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետ Վասիլիս Վասիլիու Պարտիզպանեան: Յաջորդեց «Հայրենիքին համար զոհուածներու» յուշարձանին առջեւ դափնեպսակներու զետեղումը։ Հայութեան անունով դափնեպսակ զետեղեց Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Խաչիկ Խաչատուրեան: