ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ռիթմ Եվրազիի» կայքը հրատարակեց Հայաստանի վերաբերող յօդուած մը՝ «Ի՞նչով Պայմանաւորուած Է Հայաստանի Մէջ ՀՆԱի Աճի Բարձր Կշռոյթը» խորագիրը կրող յօդուած մը, որուն մէջ՝ անդրադառնալով Հայաստանի մանր տնտեսական իրավիճակին, կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զգալի հատուած դուրս եկած է ստուերէն, իսկ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ արդէն իսկ կը տարուին նշանակալի աշխատանքներ:
Յօդուածագիրը նախ կը յիշեցնէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 5 Դեկտեմբերի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, երկրին ՀՆԱի աճը տարուան առաջին երեք եռամսեակներուն համար կազմած է 7.5 տոկոս: «Խօսքը բարձրագոյն ցուցանիշին մասին է՝ ոչ միայն Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու շարքին մէջ: Ըստ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի կանխատեսման՝ Հայաստան պիտի ըլլայ Եւրոպա մայր ցամաքի միակ երկիրը, որուն ՀՆԱի աճը գալիք տարի պիտի գերազանցէ 6 տոկոսը», նշուած է յօդուածին մէջ:
Հեղինակը կը հարցնէ, թէ ինչո՛վ պայմանաւորուած է այս լաւատեսութիւնը եւ կը պատասխանէ անոր: Ան կը յիշեցնէ, որ, միջազգային ֆինանսական կառոյցներու տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստանի պիւտճէին 3 միլիառ տոլարէն 1 միլիառը նախկին շրջանին գողցուած է, իսկ շուրջ 900 միլիոնը իբրեւ հարկ պիւտճէ չէ հասած: «Անցեալ տարուան գարնան տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք տնտեսութեան մէջ «ստուերային ոլորտը» նուազեցնելու միտում կար, եւ այժմ, ըստ Հայաստանի ֆինանսական մարմիններու եւ մասնագէտներու գնահատականներուն, ստուերային տնտեսութիւնը չի գերազանցեր 22 տոկոսը: Յառաջընթացը նշանակալի է, բայց կ՛ենթադրուի, որ այդ ցուցանիշը նուազի 15-16 տոկոսով եւ նոյնիսկ աւելի ցած», նշուած է հրապարակման մէջ։
Յօդուածագիրը նկատել կու տայ, որ տնտեսութեան մէկ հատուածին ստուերէն դուրս գալը անմիջապէս աւելցուցած է դէպի պետական գանձարան միջոցներու ներհոսքը: Իբրեւ արդիւնք՝ պիւտճէի շահը 2019ի առաջին կիսամեակին կազմած է 255.4 միլիոն տոլար, ինչ որ նպաստած է պարտք-ՀՆԱ յարաբերակցութեան նուազեցման: Հեղինակը կը յայտնէ, որ ասիկա նաեւ մասամբ արդիւնքն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ որեւէ գնումի պարագային Հսկիչ-դրամարկղային մեքենայի (ՀԴՄ) կտրոն պահանջելու կոչին, սակայն ան կը շեշտէ, թէ տակաւին շատ աշխատանք կայ տանելիք, որովհետեւ ստուերային տնտեսութեան մեծագոյն մասնաբաժինը տակաւին առեւտուրի, գիւղատնտեսութեան, ինքնաշարժի ուղեւորափոխադրումներու եւ այլ ոլորտներու մէջ է:
«Փոխուած է նաեւ իրավիճակը՝ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ: Ենթադրաբար, նախքան տարուան աւարտը, խորհրդարանը պիտի աւարտէ օրէնսդրական փաթեթին ընդունումը՝ այս չարիքին դէմ պայքարին համար։ Ստեղծուած է Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովը, զոր կը ղեկավարէ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչ Հայկուհի Յարութիւնեան:
Յօդուածին մէջ կը յիշատակուի նաեւ, որ 2019ի Յունուար-Հոկտեմբերին պետական պիւտճէի եկամուտները 2018ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած աւելցած են 20 տոկոսով, իսկ 2017ին հետ բաղդատած՝ 32 տոկոսով՝ յիշեցնելով, որ 2018ի Ապրիլ-Մայիսին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն ատեն, երբ Փաշինեան եկած էր իշխանութեան, խոստացած էր երկու տարուան ընթացքին պիւտճէի եկամուտները աւելցնել 30 տոկոսով:
Յօդուածը լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ շարք մը վարկանշային գործակալութիւններու, վերլուծական հաստատութիւններու, ֆոնտերու եւ դրամատուներու գնահատականները, յատկապէս նշելով, որ 22 Նոյեմբերին Fitch Ratings միջազգային վարկանշային գործակալութիւնը կանխատեսած է, որ Հայաստանի ՀՆԱի միջին աճը 2020-2021ին պիտի ըլլայ 4.7 տոկոսի մակարդակով: «Գործակալութիւնը չէ ակնկալած, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շարունակուող լարուածութիւնը կրնայ հասնիլ այնպիսի մակարդակի, որ կարենայ ազդել այս կայունութեան վրայ», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ, որ 2020ի պետական պիւտճէի նախագիծով տնտեսական աճի կանխատեսումը պահպանողական է, նոյն ժամանակ՝ յետ խորհրդային երկրի մը համար ասիկա բաւական բարձր ցուցանիշ է։