ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը յուշագիր մը ստորագրեց Հայկական Կարմիր Կաչի ընկերութեան հետ:
Նախարար Զարուհի Բաթոյեան ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց այս գործակցութեան համար՝ դիտել տալով, որ երկար տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ Կարմիր Խաչը ծառայութիւն կը մատուցէ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ մեծապէս անոր կարիքը ունեցողներուն։ «Այսօր մենք սկսում ենք համագործակցութեան նոր փուլ՝ տարեցների խնամքի ծառայութիւնների ոլորտում, ինչը շատ կարեւոր է ոչ միայն այն իմաստով, որ մասնագիտական աջակցութիւն տրամադրելու է ոլորտում տարիների փորձ կուտակած ընկերութիւնը, այլեւ այն պատճառով, որ սա կարող է դաշտում մրցակցային հնարաւորութիւն ստեղծել՝ բարձրացնելով ծառայութիւնների որակը», նշեց նախարարը:
Յուշագիրով Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութիւնը Գիւմրիի տուն-պատսպարանի բնակիչներուն խնամքը պիտի ստանձնէ՝ պարտաւորուելով 163 միլիոն դրամի ներդրում կատարել՝ ծառայութիւններու որակի եւ կացութեան պայմաններու բարելաւման համար, ինչպէս նաեւ վերակնքել աշխատանքային պայմանագիրները տուն-պատսպարանի աշխատակիցներէն առնուազն 70 տոկոսին հետ:
160 խնամեալներու համար ներդրումները պիտի կազմեն շուրջ 8.5 միլիոն դրամ: «Ի թիւս 192 պետութիւնների, որտեղ Կարմիր Խաչը գործունէութիւն է ծաւալում, փորձում ենք անել հնարաւոր ամէն բան՝ աջակցելու համար այն մարդկանց, ովքեր օգնութեան, ուշադրութեան կարիք ունեն: Շնորհակալ եմ այս վստահութեան համար: Կարող եմ հաւաստիացնել, որ մեր կուտակած տարիների փորձը կը ներդնենք՝ Գիւմրու տուն-ինտերնատում (տուն-գիշերօթիկին մէջ-Խմբ.) բնակուող մեր հայրերին ու մայրերին արժանապատիւ ծառայութիւններ մատուցելու համար», ըսաւ ընկերութեան նախագահ Մխիթար Մնացականեան:
2020ին, Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութիւնը առնուազն 87 միլիոն դրամ պիտի ներդնէ՝ տուն-պատսպարանի 6 բնակելի հատուածներէն 4ին վերանորոգութեան եւ կահաւորման համար: 2021ին եւս 43 միլիոն դրամ պիտի ներդրուի միւս երկու բնակելի հատուածներուն վերանորոգման եւ կահաւորման համար: 2022ին ընկերութիւնը կը նախատեսէ յատկացնել շուրջ 16.5 միլիոն դրամ եւս:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը 2020ին հաստատութեան պիտի յատկացնէ շուրջ 202 միլիոն դրամ: