ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազը յայտարարեց, որ դատարանը սէուտցի այլախոհ լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով 5 անձեր դատապարտած է մահուան, իսկ 3 ուրիշներ‘ 24 տարի բանտարկութեան:
Ընդհանուր դատախազը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սէուտական արքունիքի նախկին խորհրդական Սէուտ Քահթանիի շուրջ հետաքննութիւն կատարուած է, սակայն անոր դէմ ամբաստանութիւն չէ ներկայացուած, ուստի եւ ազատ արձակուած է: Ազատ արձակուած է նաեւ Պոլսոյ մօտ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոս Մուհամմատ Աթէյպին, հակառակ անոր, որ սպանութիւնը տեղի ունեցած էր այդ հիւպատոսարանին մէջ։
Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը պնդեն, որ Հոկտեմբեր 2018ին տեղի ունեցած Խաշոկճիի սպանութեան գործողութիւնը ղեկավարողը Քահթանին է, սակայն ան վերջերս տեսնուած է Ճետտայի մէջ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Ռիատի արքունիքի գրասենեակներուն մէջ:
Նշենք, որ թրքական արդարադատութիւնը Քահթանին եւ սէուտական գաղտնի սպասարկութեան նախկին փոխնախագահ Ահմետ Ասիրին ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակած էր:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ սէուտական դատարանի վճիռը «արդարութիւն չ՛իրագործեր», ինչպէս նաեւ չի բաւարարեր այս ոճիրին բոլոր ծալքերը բացայայտելու Թուրքիոյ ու միջազգային հասարակութեան փափաքը։