ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճան հետաքրքրուած է ռուսական «Սուխոյ» ընկերութեան նորագոյն ռազմական օդանաւերով՝ 5րդ սերունդի «Սու.57»երով, կը գրէ «Վետոմոսթի»ն: Թերթին աղբիւրները յայտնած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը քննարկուած է Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Վետոմոսթի»ի համաձայն, Ատրպէյճանի հետաքրքրութիւնը ծագած է Հայաստանի կողմէ «Սու. 30ՍՄ» օդանաւերու գնումէն ետք: