ՄԱԳՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ազգային գաղափարախօսութիւն կրող, ուսուցանող եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելու առաքելութեան նուիրուած կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երբ կը հարուածուի, ներքին թէ արտաքին ուժերու կողմէ, հայ ազգը խորապէս պէտք է մտահոգուի, գիտակցելով թէ այդ հատուածը ուղղուած է ազգի ողնայարին, անոր ջրտուքին: Ուղղուած է ոչ թէ դաշնակցութեան լոկ քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալու հանգամանքին, այլ անոր դաւանած ազգային գաղափարախօսութեան: Ազգի հոգեմտաւոր արժէքներուն, հազարամեայ մշակութային ժառանգութեան մշտար-թուն պահակն ու պահապանը ըլլալու բնոյթին: Հետեւաբար ազգայինի պահպանման նախանձախնդիր իւրաքանչիւր հայ մարդ բանիւ ու գործով հարկ է արձագանգէ, անտեղի հարուածներուն նաեւ զօրակցի հայապաշտ ե՛ւ հայրենապաշտ այս կուսակցութեան, ոչ թէ զայն պաշտպանելու միտումով՝ քանի որ ան պաշտպանուելու կարիքը չունի: 129 տարիներու իր ստացած հարուածները՝ Ցարական, Օսմանեան, Սովետական կայսերապաշտ տէրութիւններէն, նաեւ վերանկախացած Հայաստանի ապազգային Ա. նախագահէն, զինք կոփած՝ անընկճելի եւ անկոտրելի դարձուցած են: Հետեւաբար ան միայն կարիքը ունի իր ժողովուրդին աջակցութեան եւ զօրակցութեան, դիմակայելու համար նորօրեայ հարուածները, որոնք կը սպառնան Արցախի ինքնորոշման, նաեւ հայ ժողովուրդի ինքնուրոյնութեան եւ ինքնութեան՝ իր իսկ սեփական հազարամեայ հայրենիքէն ներս:
Այսօր, համաշխարհայնացման ռահվիրաները, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց ազնուագոյն գաղափարները շահագործելով, աշխարհի չորս ծագերը սփռած են իրենց «առաքեալները» ժողովուրդներու ազգային դիմագիծը փոխելու, անդիմագիծ հասարակութեան վերածելով, իրենց կամքը հեշտութեամբ պարտադրելու համար: Հայաստանը զերծ չէ այս իրողութենէն: Փաստը այն է, որ արտաքին այս ուժերը, տեղական թոյլ ու տկար, եսապաշտ ու շահամոլ հայ մարդկանց օժանդակութեամբ առաջին առիթով փորձեցին վարկաբեկել հայ ժողովուրդի սրբութիւն սրբոց Էջմիածինը. այսինքն հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ արժեհամակարգը: Զարմանալիօրէն թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդ Հայաստանի վարչապետը, ինչպէս «նախկիններու» պարագային, «ասֆալտին չկպցրեց» զանոնք: Սակայն երբ հերթը եկաւ Հայաստանի համալսարաններէ ներս հայոց լեզուի, պատմութեան եւ գրականութեան նիւթերը պարտադիր չընելու ծրագիրին դէմ բողոքի ցոյցերուն, կրթութեան նախարարի կողմէ մեղադրուեցան ցուցարար երիտասարդները՝ քաղաքական նպատակ հետապնդելու յանցանքով. մեղադրուեցաւ նաեւ դաշնակցութիւնը՝ գաղափարական այդ սքանչելի տուրքը հովանաւորած ըլլալուն համար: Կրթութեան նախարարին անվայել վերաբերմունք դրսեւորեց Արայիկ Յարութիւնեանը իր արհամարհական կեցուածքով, նաեւ «դրսի ու ներսի» դաշնակցականներ որոնելու իր բաժանարար դերով: Այս հարցը հոս վերջ գտաւ, հասաւ վարչապետին. ան փոխանակ իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը արտայայտելու հայ երիտասարդներու հայերէն նիւթերու հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութեան եւ բծախնդրութեան, Ազգային ժողովէն ներս հպարտութեամբ հաստատեց, թէ ինք կը հովանաւորէ այդ ծրագիրը եւ պետական մարդու անյարիր՝ երեխայական զայրոյթով մեղադրեց երիտասարդները եւ զանոնք հովանաւորող կուսակցութիւնը ու աւետելու պէս յայտարարեց, թէ «դաշնակցութեան գնացքի վերջին տրոփիւնները կը լսուին»:
Հայաստանի վարչապետը չարաչար կը սխալի. դաշնակցութիւնը կայ ու կը մնայ յաւերժ: Ինչ կը վերաբերի գնացքին՝ դաշնակցութեան գնացքը իը Հայ Դատով, բարեսիրական, կրթական, մարզական, եկեղեցական, երիտասարդական բազմաշերտ թեւերով նաեւ աշխարհատարած համակիրներու հսկայ բանակով, (որուն մէկ անդամն եմ նաեւ ես) սրընթաց կը շարունակէ իր երթը, ծառայելով յաւերժի ճամբորդ, զինք ծնող ժողովուրդին: Երանի թէ վարչապետը միշտ յիշէ, ասացուածքի կարգ անցած, մեր ժողովուրդի հետեւեալ իմաստուն խօսքերը. «Տասը մտածէ, մէկ խօսէ», «Բարկութեամբ ելլողը, վնասով կը նստի»: Այսօր ամենազօրի դիրքերէն ան կը մեղադրէ, կը դատապարտէ, իր իսկ խօսքերով՝ «ասֆալտին ու պատին կը կպցնէ» նախկինները, կը նսեմացնէ, կը վարկաբեկէ մօտաւոր անցեալի մեր հերոսները, ուղղակի եւ անուղղակի պառակտում, անհանդուրժողութիւն եւ ատելութիւն սերմանելով համայն հայութեան կեանքէն ներս, նաեւ լայն բանալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանին կողմէ բացուած արտագաղթի դռները: Ի վերջոյ ղեկավարի խօսքերը զէնքի ուժ ունին, վարակիչ են եւ անմիջական ազդեցութիւն ունին հասարակութեան ձեւաւորման վրայ: Զուր չէ ըսուած. «Ժողովուրդ ըսածդ մէկ անձ չէ, որ հայելիին նայի եւ ինքզինք սրբագրէ: Ժողովուրդը կը ծնի ղեկավարներ, որոնք կը վերածնին ժողովուրդէն»:
Իբրեւ հայ ժողովուրդի բազկերակին տեւաբար ականջալուր, նաեւ սփիւռքեան եւ հայրենական ազգօգուտ ծրագիրներու իրագործման ինծի բաժին ինկած կաթիլը ներդրած գաղափարական հայուհի, լաւապէս ծանօթ եմ դաշնակցութեան անցեալի հարուստ կենսագրութեան: Գիտակցական կեանքիս 68 տարիները անցուցած եմ ազգային կեանքէն ներս, այդ ընթացքին ականատես վկան եղած հայակերտման ու հայապահպանման, դպրոցաշինութեան-եկեղեցաշինութեան, գաղութներէ եւ համայնքներէ ներս հարկ եկած պարագային ինքնապաշտպանական յանդուգն գործունէութեան, յատկապէս ակումբներէ ներս ազգային երգերու, հայոց պատմութեան միջոցաւ ազգասէր ու հայրենատենչ սերունդներ դաստիարակելու սրբազան աշխատանքին, այդ պատճառով ալ երբ զանգը հնչեց, անոնցմէ շատեր իրենց հոգու պարտքը տալու սուրացին դէպի Արցախ: Այս բոլորին ականատես գիտակ հայը չէր կրնար լուռ մնալ դաշնակցութեան «գնացքի տրոփիւնները» լսող վարչապետի անհաշուարկուած ու անհեթեթ ելոյթին հանդէպ:
Ամենայնդէպս, հաւատս եւ յոյսս ամբողջովին չկորսնցնելու ճիգով, Նոր Տարուան առթիւ մաղթանքս է, որ Հայաստանի ներկայ իշխանաւորները դադրին «նախկիններ, նախկիններ» հոլովելէ, դաշնակցութիւնը հարուածելէ եւ իրենց ազգաշէն ու հայրենաշէն գործունէութեամբ, արդարադատութեամբ եւ անխտրականութեամբ, վերածնուելով, ապա վերածնելով ժողովուրդը, ստեղծեն համերաշխութեան եւ միասնականութեան ջերմ ու հաշտ մթնոլորտ, հեռու մնալով ազգակործան «բիւզանդական վէճերէ»՝ ի սէր եւ իր խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, նաեւ Սփիւռքի կայունութեան: Այլապէս վարչապետին գնացքը՝ իր նախարարներով բեռնաւորուած, յանկարծ կը գնայ… Ի վերջոյ, ժողովուրդը կր սթափի, կը գիտակցի, թէ «նախկինները» իրենց թերութիւններով մէկտեղ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քանդած ու աւերած երկիրը վերականգնեցին, վերաշինեցին եւ իրենց իշխանութեան օրով ապահովեցին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը:
Գալով իմ սիրելի ու թանկագին ազգակիցներուս՝ ի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, սրտագին մաղթանքս է՝ միասնականութիւն, կրկի՛ն միասնականութիւն եւ ապազգային առաջարկներու ո՛չ ըսելու քաջութիւն:
Իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ առաւել իմաստութիւն, նժդեհեան անխորտակելի կամք, արիութիւն եւ տոկունութիւն:
Հայ ազգը իր մշտարթուն եւ քաջարի պահակին կարիքը ունի՝ միշտ եւ յաւիտեան:
Նոր Տարին Յոյսերով Ու Բարիքներով Լի Տարի Մը Ըլլայ
Սամուրգաշեան Զարեհ եւ Յասմիկ Արմէն եւ Րաֆֆի
Կը շնորհաւորենք ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը
Յարութ, Լենա Եւ Ալէք Սողոմոնեան
Մարտիրոսեան Ընտանիք
Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորէ Իր Հարազատներուն
Եւ Բարեկամներուն Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը