ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համայնքային եւ քաղաքացիական իրաւանց գործիչ Էլեն Ասատրեան իր թեկնածութիւնը դրած է Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ընտրութիւններուն, ներկայացնելու համար 43րդ ընտրատարածքը։
Ընտրութիւնները պիտի կայանան 3 Մարտին։
Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն իր տեսակին մէջ մեծագոյն մարմինն է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ կը ներկայացնէ մօտաւորապէս 2.7 միլիոն դեմոկրատներ։
Ասատրեան դպրոցական տարիներէն ի վեր աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է քաղաքացիական կեանքին, դէմ դնելով խտրականական օրէնքներու՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով զանազան յանձնախումբերու եւ մարմիններու մէջ։
Ասատրեան եղած է Կլենտէյլ քաղաքի Զբօսավայրերու, ժամանցի եւ համայնքային սպասարկութիւններու յանձնաժողովի անդամ եւ ատենապետ եւ նոյն քաղաքի այլ յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի ընտրողներ արձանագրելու պարտականութիւն ունեցող յանձ-նախումբին։
Ան մասնակցած է Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան վերաբերող շարք մը քաղաքական ընտրապայքարներու եւ ժողովրդային արշաւներու, տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Ան անդամակցած է եւ կը շարունակէ անդամակցիլ համայնքային շարք մը կազմակերպութեանց, ներառեալ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ու եղած է նաեւ Կլենտէյլի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչը:
Ասատրեան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր մասնագիտացած է քաղաքական գիտութեանց եւ միջազգային յարաբերութեանց ոլորտներուն մէջ:
Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.electelen.com կայքը։