Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան շրջանը պիտի տօնախմբէ իր կազմակերպութեան տարեդարձը Կալա ձեռնարկի մը ընթացքին՝ «110 տարի ուժեղ» կարգախօսով, որ պիտի ներկայացնէ կազմակերպութեան մարդասիրական տեղական եւ համաշխարհային գործունէութիւնը:
Կալան, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 29 Փետրուար, 2020ին Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, կը սկսի երեկոյեան՝ ընդունելութեամբ եւ լուռ աճուրդով, որուն պիտի յաջորդէ ընթրիքը: Երեկոյին պիտի ներկայացուի կարճ յայտագիր եւ ժամանց՝ 110 տարուան ձեռքբերումները նշելու համար: Այս առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեան յայտնեց. «Մենք շատ ոգեւորուած ենք նշելու այս հանգրուանի տարեդարձը մեր անդամներով, համակիրներով ու նուիրատուներով, որոնք մեզ կ՛օգնեն շարունակելու ծառայել մեր ժողովուրդին»:
ՀՕՄը հայ կնոջական բարեսիրական փառաշուք կազմակերպութիւն մըն է աշխարհի տարածքին, որ հիմնադրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1910 թուականին: ՀՕՄը ինքնավար, ոչ-կառավարական, ոչ-յարանուանական կազմակերպութիւն է, որ կը ծառայէ հոգալու հայ ժողովուրդին մարդկային կարիքները: Իր հիմնադրութենէն ի վեր ՀՕՄը տարածուած է 27 երկիրներու մէջ: Մօտաւորապէս 1200 անդամներով եւ 24 մասնաճիւղերով, ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը մեծ ներդրում եւ դերակատարութիւն ունի համայնքին եւ հայրենիքին ծառայելու աշխատանք-ներուն մէջ: 1984 թուականէն ի վեր Արեւմտեան շրջանը կը նպաստէ համայնքային եւ համահայկական ծրագիրներու իրա-գործման:
Կալայի հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄի կողմէն հովանաւորուող ծրագիրներուն: ՀՕՄի Ա-րեմտեան շրջանի առանցքային աշխատանքները կ՛ընդգրկեն կրթական, ընկերային եւ ընտանեկան ծառայութիւններ, մարդասիրական օգնութիւն, մշակութային եւ այլ ոլորտներու օգնութիւն կարիքաւոր անհատներուն եւ ընտանիքներուն: ՀՕՄի Արեմտեան շրջանին մէջ կը գործեն Ընկերային ծառայութիւններու բաժանմունքի Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ չորս գրասենեակները եւ Հոգեբանական կեդրոնը, 17 միօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանները եւ 3 մանկամսուրները, նաեւ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն: Տոմսերու եւ հովանաւորութեան հնարաւորութիւններու համար հաճեցեք դիմել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ հեռաձայնելով՝ (818) 500-1343 թիւին կամ ե-նամակով՝ office@arswestusa.org. հասցէին։