ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2020ին թանգարանը պիտի ունենայ բաւական յագեցած ծրագիրներ: Այդ ծրագիրներէն Արմինէ Սարգսեան առանձնացուց «Կենդանի նկարը», որ նորագոյն արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումով թանգարանային ցուցադրութիւն է՝ համահունչ ժամանակի ոգիին:
«Այն յատկապէս հետաքրքիր է լինելու դպրոցական եւ ուսանողական այցելութիւնների համար, որովհետեւ այդ ծրագրով մենք փորձել ենք ոչ միայն հանրահռչակել թանգարանի կերպարուեստի հաւաքածուում գտնուող Վահան Խորէնեանի՝ «Երեւանի Շինարարները» կտաւը, որում պատկերուած է վարդագոյն Երեւանի կառուցումը: Սա արդէն երկրորդ անգամն է, որ փորձում ենք նորագոյն տեխնոլոգիաների (ճարտարարուեստի-Խմբ.) միջոցով հետաքրքիր դարձնել թանգարանը», նշեց Սարգսեան:
Ծրագիրին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Դեկտեմբեր 2019ին, եւ արդէն իսկ այցելուներուն դատին ներկայացուած է Երեւանի կառուցման պատկերը:
Արմինէ Սարգսեան նաեւ յայտնեց, որ նախորդ տարի թանգարանը ունեցած է 20,707 այցելուներ: «Երեւանի 2800ամեակի արարողութիւնների ժամանակ՝ 2018 թուականին, այցելուների թիւն աւելի շատ է եղել, քան նախորդ տարի. ունեցել ենք 23,000ը գերազանգող այցելու», ըսաւ ան:
Թանգարանին մէջ ներկայացուած ցուցանմոյշներուն թիւը կը գերազանցէ 97,000ը, մինչդեռ 2005ին եղած են 87,000 ցուցանմոյշներ:
Թանգարանը ներկայիս կ՛իրականացնէ 5 կրթական ծրագիրներ, նաեւ՝ «Վերականգնենք հնագիտական առարկան» խորագիրով ծրագիրը, ինչ որ կ՛օգնէ սրելու երեխաներուն հետաքրքրութիւնը հնագոյն մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ, երբ երեխաները իրենց ձեռքով կը կազմեն փազըլ՝ վերականգնելով տուեալ հնագիտական առարկան: