ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Henley-&Partners զուիցերական ընկերութիւնը թարմացուցած է անցագիրներու գրաւչութեան վարկանիշը: Ըստ «Ռիա Նովոսթի»ին՝ ցանկին նոր տարբերակը հրապարակուած է ընկերութեան կայքին վրայ:
Հայաստան ցանկին վրայ կը գրաւէ 81րդ դիրքը: Հայկական անցագիրը առանց մուտքի արտօնագիրի առիթ կու տայ մուտք գործելու 62 երկիրներ:
Վարկանշային աղիւսակին մէջ Վրաստան 53րդ հորիզոնականին վրայ է, անոր քաղաքացիները կրնան առանց վիզայի այցելել 116 երկիրներ, իսկ Ատրպէյճան՝ 76րդը, 67 երկիրներ ճամբորդելու կարելիութեամբ: Ռուսիա 51րդն է՝ 118 երկիրներ մուտք գործելու արտօնութեամբ:
Ցանկը կը գլխաւորէ Ճափոն, որուն քաղաքացիները կրնան այցելել 191 երկիրներ, երկրորդն է Սինկափուր (190 երկիր), երրորդ՝ Գերմանիա եւ Հարաւային Քորէա (երկուքն ալ՝ 189 երկիրներ):